2009-03-20 15:20:28

Գամերունի մամուլը եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը


Գամերունի օրաթերթերը եւ պարբերաթերթերը լայն տեղ տուած են Սրբազան Քահայանապետի ճամբորդութեան ու գործունէութեան ։

Գամերուն Թրիպիւն օրաթերթը կը գրէ ՜՜Սրբազան Քահայանապետը պատգամաբերը յոյսի, ան իր շուրջ կարողացած է համախմբել եւ խանդավառել բազմահազար մարդիկ։ Անդրադառնալով՝ անոր այցելութեան հիւանդանոց, օրաթերթը կը գրէ ՜՜Հռոմի Պապը կ՛օրհնէ հիւանդները, կը շոյէ անկար մանուկները՝՝։ Խօսելով՝ միջկրօնական հանդիպումին մասին որաթերթը կ՛ընդգծէ թէ ՜՜Քահայանապետը կը քաջալերէ խաղաղութիւնը եւ խաղաղ համակեցութիւնը՝՝։

Լը Ժուր օրաթերթը կը խօսի ՜՜Ափրիկէի սննդառութեան տագնապի, աղանդներու բազմացումին եւ համաճարակ ախտերու ծաւալումին մասին՝՝։

Մութացիոն օրաթերթը կը մէջբերէ ՜՜Քահանայապետին քարոզը մարզադաշտին մէջ եւ կը խօսի Գամերունի ու ափրիկէի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մասին՝՝։ իսկ Տը Փոստ՝ իր առաջին էջին վրայ կը վերնագրէ ՜՜Քահանայապետը կը դատապարտէ իշխանութեան չարաշահութիւնն ու բռնութիւնը Գամերունի ու Ափրիկէի այլ երկիրներու մէջ։ Հռոմի Պապը Գամերուն կը գտնուի պատրաստելու եպիսկոպոսներու սիւնոդոսը Ափրիկէի մասին՝՝։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.