2009-03-20 12:21:44

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Իրանի կ՝ուղարկէ արձանագրուած պատգամ մը, որուն մէջ ան կոչ կուղղէ, երկկողմանի յարաբերութեանց մէջ նոր սկիզբ մը դնելու։ Իրան կ՝ողջունէ Օպամայի պատգամը եւ իր կարգին՝ կոչ կուղղէ անոր, որ անցեալի սխալները սրբագրելու համար շօշափելի քայլերու դիմէ։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ՔԻՐՉՆԵՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ։ Արժանթինի ՝՝Արմենիա՝՝ թերթը կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 17 մարտին, Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտես - Քիրչներ Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանատան ստեղծման հրամանագիրը ստորագրած է ։Այս առիթով, կառավարական տան մէջ նախագահի գրասենեակը ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Գիսակ արք. Մուրատեան, ՀՅԴ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, ՀՅԴ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յարութիւն Յովհաննէսեան, Արժանթինի (Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ ազգային հիմնարկի) փոխնախագահ Փետրօ Մուրատեան եւ համայնքային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։ Հրամանագիրը ստորագրելէ ետք, նախագահ Քիրչներ ընդգծած է սոյն որոշումի կարեւորութիւնը եւ հաստատած, թէ արժանթինեան կառավարութիւնը ինքզինքը պարտաւոր կը զգար հայ Գաղութին նկատմամբ այս քայլը առնելու։ Ան բարձր գնահատեց հայ Գաղութի գործունէութիւնը եւ, ի պատասխան դեսպան Կարմիրշալեանի կողմէ իրեն փոխանցուած հրաւէրին, խոստացաւ, թէ շուտով պիտի այցելէ Հայաստանը։ Իսկ դեսպան Կարմիրշալեան յայտնեց, որ այսօր պատմական օր մըն է Արժանթինի եւ Հայաստանի միջեւ փոխ-յարաբերական կեանքին մէջ՝ շեշտելով, որ այս դեսպանատունը կը ցոլացնէ երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութեանց աւելի բարձր մակարդակի մը հասնիլը։

Գերմանիոյ արտաքին յարաբերութիւններու նախկին պետական նախարար, Ընկերվար միջազգայնականի տնտեսական քաղաքականութեան, աշխատանքի եւ կենսոլորտի պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Քրիսթոֆ Զոփել երէկ ՀՅԴ. Բիւրոյի Երեւանի գրասենեակին մէջ խօսած է Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան, նուազ զարգացած եւրոպական պետութիւններու եւ հասարակութիւններու համար ընկերվար-ժողովրդավարական մօտեցումի եւ ԱՊՀ-ի երկիրներուն վերաբերող՝ ՄԱԿ-ի քաղաքականութեան մասին։ Ողջունելով եւրոպացի դիւանագէտը՝ ՀՅԴ. Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան կարծիք յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ մարդիկ կը գիտակցին Եւրոպական Միութեան մերձենալու համար կատարուելիք քայլերու կարեւորութեան։ Քրիսթոֆ Զոփել նշած է, որ Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հեռանկարը անհաւանական չէ։ Անոր համար անհրաժեշտ է քանի մը կարեւոր պայմաններու ապահովում ՝՝մարդկային իրաւանց յարգում, իշխանութեան թեւերու յստակ տարանջատում եւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծում՝՝։

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ԿԱՅՈՒՆԱՑՄԱՆ ՎԱՐԿԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒԻՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԱԹՆԵՐՈՒՆ։

Համաշխարհային Դրամատան կողմէ տրամադրուելիք շուրջ 50 միլիոն տոլարի կայունացման վարկերը Հայաստանին պիտի փոխանցուին յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին։ Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիրան Դաւթեան յայտնած է, որ այդ գումարները պիտի ուղղուին փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման ծրագիրներու՝ ֆինանսաւորման։ Զանոնք բաշխելու իրաւունքը պիտի վերապահուի Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան։








All the contents on this site are copyrighted ©.