2009-03-19 12:48:28

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԱՐԺԱՆԹԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ։

Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Քիրշնըրի հրամանագիրով՝ Արժանթինի դեսպանատուն պիտի բացուի Երեւանի մէջ։ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանը կը տեղեկացնէ, որ Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Խորխէ Թայանա այդ առնչութեամբ յայտարարած է, որ ատիկա Արժանթինի առաջին դիւանագիտական առաքելութիւնն է Կովկասի մէջ, ինչպէս նաեւ շեշտուած է հայ համայնքի դերը Արժանթինի կեանքին մէջ։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՆԵՆԱՅ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՀԵՏ։ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ։ Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են՝ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն, Հայաստանի մէջ Հազարամեակի մարտահրաւէրներ հիմնադրամին կողմէ ծրագիրներու իրականացման, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական քաղաքական երկխօսութեան վերաբերող հարցեր։



Հայաստանի նախաահի մամլոյ քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեան Tert.am կայքէջին տեղեկացուցած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ այսօր տեղի պիտի ունենայ հայաստանեան քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներու հետ յատուկ նիւթերով խորհրդակցութիւններու շարքին երկրորդ քննարկումը՝ ՝՝Համաշխարհային տնտեսական տագնապը եւ Հայաստան՝՝ նիւթով։

Սամուէլ Ֆարմանեան նաեւ յայտնած է, որ քննարկումին պիտի մասնակցի նաեւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան։ Հայաստանեան կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ նախորդ հանդիպումը(Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ) տեղի ունեցած էր անցեալ տարուան 20 նոյեմբերին եւ նուիրուած էր Ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացին։



Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին աշխատանքներուն միշտ զօրակցող՝ Անթոնիօ Վիարայկոսա Լոս Անճելըսի քաղաքապետ վերընտրուեցաւ։

Վերջերս կայացած Լոս Անճելըսի տեղական ընտրութիւններուն ընթացքին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ վերընտրուեցաւ Անթոնիօ Վիարայկոսան՝ խլելով քուէներուն գրեթէ հարիւրէն 56 տոկոսը։ Մնացեալ ինը թեկնածուներէն Ուոլթըր Մուրը ամէնամօտիկ մրցակիցն էր քաղաքապետին՝ խլելով քուէներուն 26 տոկոսը։



Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան վարչութեան ղեկավար Սերկէյ Շահվերդեան հերքած է ազրպէյճանցիներու տարածած այն լուրերը, թէ 12-15 մարտ Պերլինի մէջ տեղի ունեցած միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին ընթացքին Ազրպէյճանի պահանջով Լեռնային Ղարաբաղի տաղաւարը փակուած է։ ՝՝Ռեկնում՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Սերկէյ Շահվերդեան ըսած է, թէ այդ տեղեկութիւնը լիակատար սուտ է։Ան նշած է, որ Ազրպէյճան, ի հարկէ, ամէն ինչի ձեռնարկած է Լեռնային Ղարաբաղի արտադրութիւններուն ցուցադրութիւնը կասեցնելու առնչութեամբ, սակայն անոր ջանքերը արդիւնք չեն տուած՝ ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն սկզբունքային դիրքորոշումին շնորհիւ անոնք յայտարարած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի տաղաւարի առկայութիւնը Գերմանիոյ օրէնքներուն չի հակասեր։ Իբրեւ բողոքի նշան՝ Ազրպէյճան փակած է իր տաղաւարը՝ ձգելով Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան վերաբերող բողոքի ցուցանակ մը։ Ըստ Ս. Շահվերդեանի, Ազրպէյճանի այս քայլերը աւելի բորբոքած են հետաքրքրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տաղաւարին նկատմամբ։ 12 քառ. մեթր տարածքին վրայ ներկայացուած են Լեռնային Ղարաբաղի տեսարժան վայրերը, աւանդական արհեստներուն վերաբերող նիւթեր, պատկերազարդ գիրքեր, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ արտադրուող գինի, քոնեաք, օղի եւ այլն։








All the contents on this site are copyrighted ©.