2009-03-19 13:53:50

՜՜Ազատ Օր՝՝ը 65 տարեկան

Յունահայութիւնը Տօնեց Ազատ Օրի հիմնադրութեան տարեդարձը


Կիրակի, 15 Մարտ 2009-ի երեկոյեան, ''Ազատ Օր''ի հիմնադրութեան 65-ամեակի սեմին, Աթէնքի Ռազմական թանգարանէն ներս տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիսութիւն մը՝ ներկայութեամբ գաղութի կառոյցներու բոլոր ներկայացուցիչներուն եւ խուռներամ բազմութեան մը.նշենք անոնցմէ՝ Յունաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահրամ Կաժոյեան եւ կողակիցը, Յունաստանի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Լիլիթ Սարգիսեան, ռազմական կցորդ, փոխգնդապետ Սամուէլ Ռամազեան եւ դեսպանութեան անձնակազմը։ Նաեւ յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Խորէն եպս Տողրամաճեան եւ կրօնական դասը, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդ վեր Վիգէն Չոլաքեան եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Ռափայէլ քհնյ Շեֆիքեան ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի, Յունահայոց ազգային վարչութեան, ՀԿԽաչի, Համազգայինի, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Երիտասարդական ու Պատանեկան միութիւններու անդամներ, Արմենիքա պարբերաթերթի եւ Նոր Աշխարհ շաբաթաթերթի խմբագրութիւնները, միութեանց ու թաղականութեանց վարչութիւններ եւ ներկայացուցիչներ։

Ազատ Օրի խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան-Եաղուպեանի բացման խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը որուն ընթացքին հանդէս եկաւ Համազգայինի Յակոբ Փափազեան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ խմբավար Ռուզաննա Գրիգորեանի Ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց Յունաստանի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահրամ Կաժոյեան։ Ան դրուատեց դերակատարութիւնը յունահայ համայնքին, որ ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայերու ժառանգորդներն են, եւ աւելցուց, թէ յունահայերը պարտադրաբար ստեղծած են ազգային-համայնքային կառոյցներ, որոնց նպատակը եղած է պահել ազգային ինքնութիւնն ու նկարագիրը։

Ան յայտնեց նաեւ, որ հայ ժողովուրդը յայտնի է դարերու պատմութիւն ունեցող տպագրական ու հրատարակչական իր գործով եւ արդէն 65 տարի է, որ Ազատ Օրը կը կատարէ իր ազգանուէր գործը՝ պահպանելով հայկական տպագիր մամլոյ ավանդոյթները։ Կաժոյեան ապա շնորհաւորեց Ազատ Օրի 65 ամեակը մաղթելով երկարամեայ ու բարգաւաճ գործունէութիւն։

Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահան Պզտիկեան, որ յայտնեց, թէ քսաներորդ դարու երկրորդ կէսը աննախընթաց փոփոխութիւններու շրջան մը հանդիսացաւ մարդկութեան համար, կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս։ Բնականաբար այս փոփոխութիւններէն անբաժին չմնացին նաեւ զանգուածային լրատուական միջոցները։ Ան նշեց, որ թէեւ հեռուստատեսիլի ստեղծումը եւ թափանցումը մարդկութեան բոլոր խաւերուն եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ՝ վերջ տուաւ մամուլի եւ ձայնասփիւռի գերակայութեան, սակայն նախատեսութիւնները սխալ ելան Այսօր մամուլը կը շարունակէ գործել եւ ամէն օր մարդկութեան կը շարունակէ հրամցնել առօրեայ անհրաժեշտ պէտքերու կարգին անցած օրաթերթը, լրագիրը։

Օրուան բանախօսն էր Պէյրութ լոյս տեսնող ՜՜Ազդակ՝՝ օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան որ խօսեցաւ հայ լրատուական դաշտի ներկայ իրավիճակի ու հանգրուանային զարգացումներուն մասին, ինչպէս նաեւ վերլուծում կատարեց լրատուութեան արձագանգման կարեւորութեան մասին ։

Ան նաեւ ըսաւ որ տեղեկատուական համաշխարհայնացումի իւրօրինակ կացութեան մը մէջ կը գտնուի զանգուածային լրատուութիւնը այսօր, ուր գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ կը գործէ լրատուական արտադրողականութիւնը։ Փաստօրէն չէ կանոնակարգուած դաշտը, չկան ընդունուած եւ չընդունուած նորմեր, չկան յղումներ կատարելու պարտաւորութիւններ, պաշտօնական յայտարարուած ուղեգիծը բաժնելու-չբաժնելու դրոյթներ, քննարկումի առիթ տալու-չտալու հարցեր։ Ան նաեւ ըսաւ թէ

Ազատ Օրը յաջողագոյն ձեւով, տասնամեակներու ընթացքին կրցած է կերտել հաւասարակշիռ համատեղելիութիւն։ Հուսկ՝ շնորհակալութիւն յայտնեց անցած եւ գործող բոլոր խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն, գրաշարներուն, ցրուիչներուն, որոնց շնորհիւ՝ ահաւասիկ թերթը կը շարունակէ շնչել, եւ հակառակ դժուարին պայմաններուն, հայ մամուլի դիմադրողականութեան գեղեցիկ օրինակները կը շարունակէ հրամցնել հայ հասարակութեան, ամէ՛ն օր։ Հանդիսութեան համար նաեւ պատրաստուած էր տեսաերիզ մը, ուր անդրադարձ կը կատարուէր թերթի հաստատման պատմական հանգրուաններուն։ Երիզին ցուցադրութեամբ ներկաներուն առջեւ տողանցեցին Ազատ Օրի նախկին խմբագիրներ՝ Անտոն Կազէլ, Գաբրիէլ Լազեան, Սեդրակ Գոհարունի, Վազգէն Եսայեան, Ահարոն Ստեփանեան եւ Յովսէփ Պարազեան։

Հանդիսութեան աւարտին, Ազատ Օրի 65ամեակին առիթով եւ թերթի աշխատանքներուն իրենց մատուցած ներդրումին իբրեւ գնահատանք, յուշատախտակներ յանձնուեցան թերթի երկարամեայ ծառայողներուն, որոնց շարքին՝ Նուպար Աճէրեան, Պօղոս Բոշեան, Վերժին Գալայճեան, եւ Կարապետ Գասպարեան։

Վատիկանի ձայնասփիւռի Հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը իր կարգին կը շնորհաւորէ ՜՜Ազատ Օր՝՝ի 65 ամեակը եւ կը մաղթէ յարատեւ յաջողութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.