2009-03-18 10:59:35

Լուրեր Հայ Աշխարհէն։Մելգոնեանի Սանուցի կոչ վերաբանալու Կիպրոսի Մելգոնեան դպրոցը


ԼՈՍ-ԱՆՃԷԼԷՍ։ Ամերիկացի դերասանուհի եւ թատերագիր, ծագումով հայ Ադրիանա Սեւանը ,Լոս-Անճելըսի մէջ կանանց թատերական փառատօնի (The Los Angeles Womens Theatre Festival) պարգեւին արժանացաւ։ Փառատօնի բացումը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 26-ին Սանթա Մոնիքայի մէջ(Քալիֆորնիա)։ Անցեալ տարի Ադրիանա Սեւանը պարգեւ ստացած էր, որպէս Արեւելեան Ամերիկայի լաւագոյն թատերագիր (Middle East America Distinguished Playwright Award)։ Այդ պարգեւը հնարաւորութիւն տուաւ իրեն, գրելու նոր կտոր մը, ուր ան կը պատմէ, թէ ՝՝ինչպէս իր նախնիները փրկուեցան Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութենէն՝՝։



ՀԱՅԱՍՏԱՆ։Հայաստան Հիմնադրամը Կը Վերանորոգէ Ակնաղբիւր Գիւղի Խմելու Ջուրի Համակարգը։ Ակնաղբիւրը Հայաստանի հնագոյն գիւղերէն մէկն է եւ ներկայիս ունի 551 բնակիչ։ Գիւղը հիմնուած է 451 թուականին՝ ի պատիւ Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի։ Հաստաբուն կաղնին, զոր տնկած է Սպարապետը, այսօր ալ կը հանդիսանայ Ակնաղբիւրի խորհրդանիշը։ Համայնքին խմելու ջուրի համակարգը 70-ական թուականներէն ի վեր անկանոն շահագործման հետեւանքով քայքայուած էր եւ ջուրը անհամաչափ կը հասնի բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ կորուստի կ՝ենթարկուի։ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը հերթական ծրագիրով Տաւուշի մարզի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ իրագործած է կազատարի եւ դաշտերու ոռոգման ծրագիրներ, իսկ վերջերս, սկսած է խմելու ջուրի համակարգի վերակառուցման աշխատանքներուն։ Շուրջ 81 միլիոն դրամ արժողութեամբ ծրագիրը կ՝իրականանայ Քանատայի ՀՅԴ. Կեդր. կոմիտէի աջակցութեամբ։ Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ պիտի վերակառուցուի համայնքի ջրա-մատակարարման համակարգը եւ պիտի նորոգուին ջրաղբիւրը ու ներքին ցանցը։

Մելգոնեանի Սանուցը կոչ կ'ընէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան վերաբանալու Կիպրոսի Մելգոնեան դպրոցը

Աշխարհասփիւռ Մելգոնեանի Սանուց միութիւններու ներկայացուցիչներ հանդիպեցան Ժընեւի մէջ եւ վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը եւ հաւատքը թէ պատմական Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը պէտք է վերաբացուի իր ներկայ վայրին մէջ, Կիպրոս, որպէս կրթական կեդրոն մը ծառայելու Եւրոպայի Միութեան եւ անոր մերձակայ Հայութեան:

Սանուց միութիւնները կոչ կ'ընեն բոլոր Հայերուն որոնք կը հաւատան Հայերէն լեզուի, հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան պահպանութեան անհրաժեշտութեան, գործունեայ ձեւով մասնակցելու այս ուղղութեամբ տարած պայքարին:

Աշխարհասփիւռ Մելգոնեանի Սանուց միութիւններու ներկայացուցիչները նոյնպէս կոչ կ'ընեն ՀԲԸՄիութեան կեդրոնական վարչութեան, վերատեսութեան ենթարկել Մելգոնեան դպրոցը փակելու իրենց որոշումը, եւ արտօնել որ դպրոցը վերաբացուի: Այս ուղղութեամբ Սանուց միութիւններու ներկայացուցիչները կը վստահեցնեն թէ պատրաստ են օժանդակելու եւ համագործաքցելու:

Սանուց միութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը որոշեց հիմնել կեդրոնական համադրող կոմիտէ մը, հասնելու համար իր նպատակներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.