2009-03-18 11:41:39

Ակնարկ Մը՝Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը՝Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԱՐԿԱԴԻ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ՝ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԴԵՍՊԱՆ։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 մարտին հրամանագիր մը ստորագրած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանը յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան նշանակելու եւ անոր Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճանը շնորհելու մասին։



Ըստ ՆՈՅԱՆ ՏԱՊԱՆ լրատու գործակալութեան ,Հիւսիսային Իրաքի քրտական վարչակազմի խորհրդարանը որոշած է իր յաջորդ խորհրդարանական կազմին մէջ ընդրկել նաեւ հայեր։ Ըստ հաղորդուած լուրին, քրտական խորհրդարանը վերջերս կայացուցած է որոշում մը՝ 5-ական տեղ յատկացնելու՝ թուրքմէններուն, քըլտանիներուն (քաղդէացիներ) եւ ասորիներուն։ Իսկ հայերու ստանալիք աթոռներու թուաքանակին մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ հաղորդուած։ Հիւսիսային Իրաքի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2009ի՝ Մայիս 19ին։



Ոստիկաններու Գործելակերպը Կը Նեղացնէ Վահան Յովհաննիսեանը։

ԵՐԵՒԱՆ։Ազգային ժողովի ՀՅԴ. խմբակցութեան անդամ Վահան Յովհաննիսեան, երէկ խորհրդարանի նիստին ընթացքին յայտարարած է, թէ Երեւանի փողոցներուն վրայ հսկողութիւն իրականացնող ոստիկանները յաճախ կը գերազանցեն իրենց իրաւասութեան սահմանները։ Յովհաննիսեան նշած է, որ ինք բազմաթիւ ահազանգներ ստացած է այն մասին, թէ երիտասարդներու հաւաքավայրեր երթալով՝ կարմիր գլխարկաւոր ոստիկաններ, յաճախ կը կանգնեցնեն երիտասարդները, զանոնք խուզարկութեան կ՝ենթարկեն, իսկ չենթարկուելու պարագային, կը տանին ոստիկանութիւն։ Ոստիկանները նաեւ յաճախ կը մտնեն համալսարաններու կամ դպրոցներու շէնքերը, (առանց ուսումնական հաստատութեան ղեկավարի համապատասխան թոյլտուութեան) ինչ որ անօրինական է։ Դաշնակցական պատգամաւորը անթոյլատրելի նկատած է ոստիկանութեան այդպիսի գործելակերպը եւ կոչ ուղղած երիտասարդներուն չենթարկուելու, իսկ անոնց ծնողներուն՝ բացատրելու զաւակներուն, որ նման գործողութիւններ անօրինական են։ Նման գործելակերպով ոստիկանները կ՝ահաբեկեն երիտասարդները՝ իրաւապահ մարմիններուն նկատմամբ անվստահութիւն ստեղծելով ու խորացնելով։Վ. Յովհաննիսեան շեշտած է, թէ սոյն խնդիրին առնչութեամբ, իրաւապահ մարմիններէն արագ արձագանա կ՝ակնկալէ։



Թուրքիոյ Ոչ Իսլամ Համայնքները Նաեւ Կրթական Խտրականութեան Թիրախ Են։

ԼՈՆՏՈՆ - Փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու միջազգային խումբը, Եւրոմիութեան նիւթական աջակցութեամբը պատրաստած է ՝՝Փոքրամասնութիւնները Թուրքիոյ Կրթական Համակարգին մէջ՝՝ խորագիրով ուսումնասիրութիւն մը, ուր կը շեշտուի, թէ Թուրքիոյ կրթական համակարգը կը փորձէ թրքական ինքնութեան մէջ ձուլել փոքրամասնութիւնները։ Ուսումնասիրութեան գլխաւոր պատասխանատու Նուրճան Քայա կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ այս կեցուածքը Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Անգարայի փորձերուն առջեւ կարեւոր խոչընդոտ մըն է, եւ կոչ կընէ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն, որ յաւելեալ կարեւորութիւն տան այս հարցին։ Թուրքիա փոքրամասնութիւն կը համարէ՝ հայերը, հրեաները եւ յոյները, իսկ միւս փոքրամասնութիւնները զրկուած են սեփական լեզուով դպրոցներ ունենալու իրաւունքէն։Փոքրամասնութեանց պատկանող դպրոցները պետութենէն տարեկան միայն մէկ տոլար կը ստանան իւրաքանչիւր աշակերտի կրթութեան համար, սակայն պետութեան կողմէ նշանակուած եւ միայն փոքրամասնական վարժարաններու վերապահուած ՝՝ թուրք փոխ-տնօրէնները՝՝ կը հանդիսանան վարժարաններուն գլխաւոր պատասխանատուները։



ԻՐԱՆ-Իրանի նախկին նախագահ Մոհամետ Խաթեմի երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ Իրանի նախագահութեան իր թեկնածութիւնը՝ բարեկարգչական ճակատի քուէներու մասնատումին արգելք հանդիսանալու համար։ Սակայն քաղաքական վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ այս քայլը պիտի նպաստէ ծայրայեղ դիրքորոշումներու տէր նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի վերընտրուելու առիթներուն։ Խաթեմի ըսաւ, թէ ՝՝զօրավիգ պիտի կանգնի չափաւորական թեկնածու Միրհոսէյն Մուսաւի-ի՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.