2009-03-17 13:53:53

Սկիզբ առաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Գամերուն եւ Անկոլա


Սկիզբ առաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Գամերուն եւ Անկոլա, հաշտութեան եւ արդարութեան նշանի ներքեւ եւ ի պտարաստութիւն Ափրիկէի եկրորդ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի որ Վատիկան պիտի գումարուի Հոկտեմբեր ամսոյն մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առաքելական առաջին ճամբորդութիւնը Ափրիկէ, զինք պիտի առաջնորդէ Գամերուն եւ ապա Անկոլա մարտ 17-23։ Այս ճամբորդութեան ընթացքին մասնաւորապէս պիտի խօսուի արդարութեան ու հաշտութեան նիւթերու մասին։ Նորին Սրբութիւնը կիրակի օրը մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքին խօսեցաւ Ափրիկէի ցամաքամասի մասին որպէս աշխարհամաս մը լեցուն ծանր խնդիրներով, տառապալից վէրքերով եւ վխիթարի կարելիութիւններով ու յոյսերով։

Եօթը օրուայ ճամբորդութեան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի արտասանէ 15 ճառեր եւ քարոզներ։ Գամերունի մայրաքաղաքին մէջ, Սրբազան Հայրը, Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ ափրիկեան եպիսկոպոսական Բ սիւնոդոսի թղթածրարը։

Ափրիկէի յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի նիւթն է. Եկեղեցին Ափրիկէի մէջ ի սպաս հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան։

Իմ այս այցելութեամբ, ըսաւ Սրբազան Հայրը մտադիր եմ մտքով ողջագուրել բոլոր ափրիկեան ցամաքամասը, քաջալերել քրիստոնեաները որ աւելի յանձնառումով աշխատին համամիութեան համար եւ ճանչցնեն ՜՜Յարուցեալ Քրիստոսի Խաղաղութիւնը՝՝։ Նորին Սրբութիւնը Ս. Յովսէփ Աստուածահօր բարեխօսութիւնը խնդրեց որպէսզի իր առաքելական ճամբորդութիւնը ըլլայ բարեբեր բոլոր Ափրիկէի ժողովուրդներուն։

Գամերունի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. հանդիպում պիտի ունենայ Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն եւ մահմետական ներկայացուցիչներուն հետ։ Իսկ Անկոլայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ երիտասարդութեան հետ։

Երեքշաբթի օրը առաւօտեան ժամը 10-ին Սրբազան քահայանապետը Հռոմի ֆիումիչինօ միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Գամերունի Եաունտէ մայրաքաղաքը։ Ասիկա իր 11-րդ առաքելական ճամբորդութիւնն է Իտալկան սահամաններէն դուրս։ երեկոյեան ժամը 4ին Նորին Սրբութիւնը Գամերուն հասաւ եւ բարի գալստեան արարողութեան ընթացքին իր արտասանած ճառին ընթացքին իր ուրախութիւնը յայտնեց Ափրիկէ գտնուելուն համար։ Ան վերակոչեց Ափրիկէի մեծ սուրբերը, ափրիկեցիներու ներկայութիւնը Երուսաղէմ Պետրոսի արտասանած առաջին ճառին, ես ալ ձեր մէջ կը գտնուիմ, ըսաւ ան, հաստատելու Ափրիկէի քրիստոնեաները իրենց հաւատքին մէջ եւ քաջալերելու զանոնք ճանչցնելու Քրիստոսը ու անոր Աւետարանը ձեր ազգակիցնթերուն, որպէսզի իրենց կարգին Քրիստոսի լոյսը ունենան։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ես ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէս հովիւ եւ ոչ թէ որպէս քաղաքագէտ, դիւանագէտ եւ տնտեսագէտ։ Կու գամ հաղորդելու ձեզի Քրիստոսի խաղաղութիւնն ու սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.