2009-03-17 13:55:30

Լուրեր Հայ Աշխարհէն։


Լուրեր Հայ Աշխարհէն։

ԼՈՆՏՈՆ- Կոմիտաս հիմնարկը Երկուշաբթի, Մարտ 16ին կը տեղեկացնէ, թէ Ատանայի Ջարդերուն Հարիւրամեակին առիթով Լոնտոնի Տնտեսութեան վարժարանին մէջ, Մարտ 28ին կայանալիք Գիտաժիողովը որոշուած է յետաձգել եւ զայն գումարել Պոլսոյ ՝՝Սապանճը՝՝ համալսարանին մէջ, Նոյեմբեր 6-7ին։1909-ի Ատանայի ջարդերուն մասին Գիտաժողովը Պոլսոյ մէջ կատարելու առիթը կարելի չէր փախցնել(կը հաղորդէ Կոնիտաս Հիմնարկը)։ Ատանայի Ջարդերը մաս կը կազմեն Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան եւ արդէն իսկ մեծ հետաքրքրութիւն կայ այդ կապակցութեամբ։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել adana@gomidas.org հասցէին։



ՊՈԼԻՍ- Պոլսոյ ՝՝Մարմարա՝՝ թերթը իր Երկուշաբթի օրուան թիւով կը գրէ

՝՝Թալաթ Փաշա Պերլինի մէջ Սողոմոն Թէհլիրեանի ձեռամբ սպաննուեցաւ 15 Մարտ 1921ին, ուստի 15 Մարտը այդ մահափորձին 88րդ տարելիցն է՝՝։ Այս առիթով թուրք լրագրող Այշէ Հիւր թրքական ՝՝Թարաֆ՝՝ թերթի իր կիրակնօրեայ էջը յատկացուցած էր Թալաթ Փաշայի սպանութեան ու Թէհլիրեանի դատավարութեան։ Յօդուածագիրը Հայերու ՝՝Նիւրէնպէրկը՝՝ անուանած է այդ դատավարութիւնը եւ այդ մասին կու տայ հետաքրքրական տեղեկութիւններ, որոնք դասախօսութիւն մը կրնան նկատուիլ բոլոր անոնց համար, որոնք այդ հարցին մանրամասնութիւնները շատ չեն գիտեր։



ՍՈՒՐԻԱ։Սուրիոյ մէջ կը նախատեսուի բանալ հայկական ապրանքա-տեսակներու մշտական գործող ցուցահանդէս-վաճառք։ Ինչպես նշեց ՀՀ.առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի նախագահ Մարտին Սարգսեանը։ Սուրիոյ մէջ կազմակերպըւած նման ցուցահանդէսներու ժամանակ հայկական տարբեր ապրանքները լայնօրէն կը սպառին եւ մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն։ Այս տարի արդէն նման մէկ ցուցահանդէս-վաճառք կազմակերպուած է 80 հայկական ընկերութիւններու մասնակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.