2009-03-16 13:32:11

Լուրեր հայ աշխարհէն։

Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բարեսիրական տարեկան ընթրիքը։


Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը ամէն տարի կը կազմակերպէ բարեսիրական ճաշկերոյթ մը ունենալով որպէս նպատակ՝ ՜՜Վարժարանի աշակերտութեան նիւթապէս օգտակար դառնալ՝՝ ճաշկերոյթի ընթացքին հանգանակուած գումարը ամբողìութեամբ կը փոխանցուի կարիքաւոր սաներու ֆոնտին։ Այս տարուան բարեսիրական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 մարտ 2009-ի երեկոյեան, Իլ Սիչիլիանօ ճաշարանին մէջ։ Ընթրիքին ներկայ էր եւ կը նախագահէր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը։ Խօսք առնելով վարժարանի տնօրէնը Կրէկուար Գալուստ, յատուկ կերպով ողջունեց ամեն. հոգեւոր տէրը, իր ներկայութեան համար եւ կրթական հաստատութեան բոլոր գործունէութեանց՝ իր աջակցութեան համար. նաեւ Գալուստ ողջոյններ ուղղեց վարժարանի հաւատարիմ բարեկամներ եւ բարերարներ Ռոպէր Պօղոսեան եւ որդիք հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ նուիրեալ բարերար Վարուժան Ներկիզեանին եւ, Իտալիայէն ժամանած վարժարանի նուիրեալ բարեկամներ՝ Անճելօ եւ Պարպարա Պոզիոներուն։ Կրեկուար Գալուստ նաեւ խնդրեց բոլոր ներկաներէն զօրակցիլ հայ դպրոցին՝ չարտօնելով, որ անիկա իյնայ համաշխարհային տնտեսական տագնապի ազդեցութեան տակ։

Իտալական Տի. Էմ. Էս Օնլուս բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ փրոֆեսէօր Անճելօ Պոզիօ խօսք առնելով շեշտը դրաւ յատկապէս մանուկներու դաստիարակութեան կարեւորագոյն առաքելութեան վրայ։ Բարեսիրական այս ճաշկերոյթին հանգանակուեցաւ 150 հազար ամերիկեան տոլար կազմող գումար մը, որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի վարժարանի կարիքաւոր սաներու կրթական ծախսերուն։ Նշենք թէ նոյն օրը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նոր մանկապարտէզի հիմնարկէքի արարողութիւնը հովանաւորութեամբ ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին եւ նախագահութեամբ Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի Տի Էմ Էս Օնլուս բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ Անճելօ եւ Պարպարա Պոզիօ ամոլին։  

՜՜Ազատ Օր՝՝ օրաթերթի 65-ամեակին նուիրուած՝ Բացառիկ հրատարակութիւն։

Լոյս տեսած է Ազատ Օր-ի 65-ամեակին նուիրուած Բացառիկ գրքոյկ մը, որու նիւթերը ամբողջութեամբ նուիրուած են թերթի պատմութեան, անցած տարիներու հանգրուաններուն, հրատարակութեան դերակատար դարձած անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ազատ Օրի նախորդող՝ Նոր Օրի 1923էն-1940 ժամանակամիջոցի հրատարակութեան։ Գեղատիպ ու խնամուած Բացառիկ հրատարակութեան մէջ նիւթեր կան հին ու նոր Յունաստանի մէջ հրատարակուած հայ մամուլի ներկայացուցիչներու մասին, յօդուածներ՝ հայ մամուլի, տեղեկութեան ուժի, Դաշնակցական մամուլի ուղիներու, հայկական տպագրութեան, եւ հայերէն լեզուի մասին։
 Պատմաբան Հրաչիկ Սիմոնեանի ուսումնասիրութիւնները Կիլիկիոյ հայերու կոտորածներու մասին։

1909-ին Կիլիկիոյ մէջ հայերու կոտորածներուն,, զոհ գացած են աւելի քան 30 հազար հայ։ Պատմաբանները շատ քիչ ուսումնասիրութիւններ կատարած են անոնց մասին քանի որ բոլորին ուշադրութիւնը սեւեռած էր 1915-1923-ի Հայոց ցեղասպանութեան վրայ։ Փաստօրէն անիկա Երիտթուրքերի առաջին ցեղասպանական գործողութիւնն էր հայերու դէմ, որ տխուր նախերգանքը եղաւ 6 տարի յետոյ Թուրքիոյ տարածքին հայերու համատարած ցեղասպանութեան։ Պատմաբան Հրաչիկ Սիմոնեան լրացնելու համար այդ բացը եւ ուղենշելու նպատակով՝ ցեղասպանագէտներու հետագայ ուսումնասիրութիւններու՝ դեռեւս լրիւ չպեղուած այդ դաշտը, ձեռնարկած է Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի մեկենասութեամբ վերջերս լույս տեսած՝ ՜՜Հայերի զանգուածային կոտորածները Կիլիկիայում (1909 թ ապրիլ)՝՝ վերնագրով աշխատութեան։

Գիրքը հրատարակուած է Երեւանի պետհամալսարանի տպագրատունէն, պատմաբանը գլխաւոր 4 գլուխներու մէջ ներկայացուցած է ՜՜Ատանա քաղաքի, Ատանայի վիլայեթի այլ քաղաքներու եւ գիւղերու, Հալէպի վիլայեթի հայերու կոտորածներու պատմութիւնը, նաեւ՝ պատճառներն ու հետեւանքները։ Հայ եւ օտար մամուլի արձագանգներու մատուցմամբ, գրականութեան ու երգերու հակիրճ ներկայացումով, ու Գրքի աւարտին առանձին յաւելուածով ներկայացնելով արխիւային լուսանկարներու հաւաքածոյ մը։

Որպէս գիտական լուրջ աշխատութիւն՝ գրքին կցուած են նաեւ ոչ միայն օգտագործուած աղբիւրներու ու գրականութեան բազմալեզուեան հարուստ ցանկ, այլեւ՝ անձնանուններու ու տեղանուններու ցանկը։

 

 

 

 

 

  








All the contents on this site are copyrighted ©.