2009-03-12 13:06:37

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը սրբուհի ֆրանչեսքա Ռոմանայի անուան մենաստանը. ՜՜Հռոմ քաղաքը կարիքն ունի Աստուծոյ նուիրեալ կիներու՝՝ըսած է Նորին Սրբութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելելէ ետք Հռոմի քաղաքապետարանը, պահ մը կանգ առաւ Հռոմի քաղաքապետարանի կից Սրբուհի ֆրանչեսքա Ռոմանայի նուիրուած մենաստանը ։ Կրօնաւորուհիներուն ուղղած խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜Հռոմ քաղաքը կարիքն ունի Աստուծոյ նուիրուած կիներու, միշտ պատրաստ՝ ՜ծառայելու Աստուծոյ ու մարդոց՝՝։ Ապա Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ կրօնաւորական հաստատութիւններուն, ըլլալու՝ Հռոմ քաղաքին քրիստոնէութեան հոգեւոր թոքերը ։ Մենաստանները, լռութեան ու Աստուծոյ խօսքին վրայ խորհրդածութեան վայրեր են։ Սրբուհի ֆրանչեսքա Ռոմանա, ծնած ու ապրած է Հռոմի մէջ 1384-1440, ան եղած է հիմնադիրը՝ Պենետիկտեան իգական միաբանութեան։ Ան նաեւ պաշտպան սրբուհին է ինքնաշարժի վառորդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.