2009-03-12 12:54:50

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Պեռնար Քուշների հանդիպումը։ Նախարարները բարձր գնահատելով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական եւ օրինակելի փոխյարաբերութիւնները՝ կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներուն միջեւ համակողմանի համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ հետագայ քայլերու ձեռնարկումը։ Նախարարները մանրամասն քննարկեցին Արցախեան հիմնախնդիրի լուծման գործընթացը։ Էդուարդ Նալբանդեան Պեռնար Քուշները Հայաստան հրաւիրածէ։



Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով՝ երէկ աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն։Լուքաշենքօ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի Գործարար շրջանակներուն հետ։



Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունած է ՝՝Վերակառուցման եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատան՝՝ շրջանային տնօրէն Մայքըլ Տէյվին, դրամատան երեւանեան գրասենեակի նոր նշանակուած ղեկավար Վալերի Ռազլոկը եւ գրասենեակի նախկին ղեկավար Մայքըլ Վայնստը։ Քննարկուած են Վերակառուցման եւ Զարգացման Եւրոպական դրամատան հետ՝ Հայաստանի համագործակցութեան հետագայ զարգացման առնչուող հարցեր։ Համագործակցութեան առաջնահերթութիւններուն շարքին Տիգրան Սարգսեան մասնաւորապէս նշած է փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան, սեփական մարզին, ենթակառոյցներու զարգացման աջակցութեան ընդլայնումը, ինչ որ ( ըստ անոր) շատ կարեւոր է Հայաստանի մէջ համաշխարհային տնտեսական տագնապի ազդեցութիւններն ու հետեւանքները յաղթահարելու առումով։



ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրամանագիր մը ստորագրած է Հանրային Խորհուրդի Կանոնագրութիւնը հաստատելու եւ այդ խորհուրդի անդամները նշանակելու մասին։ Հանրային խորհուրդի անդամ նշանակուած են Ռոպերթ Ամիրխանեան, Աննա Ասատրեան, Լիլիթ Ասատրեան, Կարէն Պեքարեան, Էմիլ Գաբրիէլեան, Անելկա Գրիգորեան, Աստղիկ Գէորգեան, Հայկ Դեմոյեան, Յովհաննէս Զանազանեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Վազգէն Մանուկեան եւ Վլատիմիր Մովսիսեան։ Համաձայն հաստատուած կանոնագրութեան, ՝՝Հանրային Խորհուրդը՝՝ նախագահին կողմէ կազմուող խորհրդակցական մարմին է, որ ունի 36 անդամներ։ Հանրային խորհուրդի մնացեալ 24 անդամները պիտի ընտրուին կանոնագրութեամբ նախատեսուած ընթացակարգով։



ՌԻԱՏ։ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ երէկ արաբական փոքր Գերաստիճան մը տեղի ունեցաւ՝` Քուէյթի մէջ 19 յունուարին գումարուած տնտեսական վեհաժողովին ընթացք առած արաբական հաշտութեան ջանքերը շարունակելու միտումով։ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Մուպարաք եւ Քուէյթի իշխան շէյխ Սուպահ Ահմատ Սուպահ, Ռիատ ժամանեցին՝ հանդիպում ունենալու համար Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քաթարի մայրաքաղաքին մէջ այս ամիս նախատեսուած արաբական վեհաժողովի նախօրեակին՝ արաբական հաշտութեանց ծիրին մէջ։



ֆՐԱՆՍԱ։Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի երէկ յայտարարեց, որ Ֆրանսա պիտի վերամիանայ ՕԹԱՆ-ի հրամանատարութեան։ ՝՝Ժամանակը հասած է որ վերջ տանք այս կացութեան, ասիկա Ֆրանսայի շահերէն,ու Եւրոպայի շահերէն կը բխի՝՝ (ըսած է Սարքոզի)։ Միւս կողմէ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Հերվէ Մորան իր կարգին երէկ յայտնեց, որ Ֆրանսա կուզէ ամբողջական անդամ դառնալ ՕԹԱՆ-ին,վերջ տալով այդպէս աւելի քան չորս տասնամեակներէ ի վեր դաշինքի ներքին շրջանակէն կամաւոր տարագրութեան։Ներկայիս Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներէն՝ 21-ը դաշինքին անդամ են



ԹԻՖԼԻՍ -Վրաստանի կառավարութեան ընդդիմացող ինը կուսակցութիւններ Երեքշաբթի, Մարտ 10ին ստորարահաւաք մը սկսած են, նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլիի հրաժարականին պահանջով։ Ստորահաւաքը որ տեղի կ՝ունենայ երկրին գլխաւոր 16 քաղաքներուն մէջ , պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 9ը, երբ ընդդիմութիւնը մտադիր է բողոքի բազմամարդ ցոյց մը կատարել։








All the contents on this site are copyrighted ©.