2009-03-11 14:21:41

Ամեն. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հռոմի մէջ պաշտօնական բացումը կատարեց ՜՜Մալոյեան՝՝ մշակութային կեդրոնին ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի շքանշանով պարգեւատրեց Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի նախագահ՝ Տէր Միքայէլ Սրկ. Ժանժէն ու փոխ նախագահ՝ Տիար Րոպէր Աթթարեանը։


Ամեն.եւ Գերերջ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքի հանդիսապետութեամբ՝ տեղի ունեցաւ հռոմահայերու կարեւոր երկու հանդիսութիւններ. Առաջինը՝ հանդիսաւոր բացումը Մալոյեան անուան Հայ Մշակութային Կեդրոնին, իսկ երկրորդը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի շքանշանով պարգեւատրումը Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի նախագահ՝ Տէր Միքայէլ Սրկ. Ժանժէյին ու փոխ նախագահ՝ Տիար Րոպէր Աթթարեանին, առ ի գնահատանք Հռոմահայութեան ու հայ եկեղեցւոյ համար անոնց ցուցաբերած անխոնջ աշխատանքին։

Մեծ թիւով հայորդիներ ու իտալացի բարեկամներ, լեցուցած էին ՜՜Յաւիտենական քաղաքի Ս. Նոկողայոս Թոլենդինացիի անուան հրապարակը գտնուող՝ Ս.Նիկողայոսի նուիրուած եկեղեցին՝՝ Շաբաթ 7 Մարտ 2009 –ի ժամը 18.30-ին, մասնակցելու՝ գաղութի ուրախութեան։

Այս առթիւ Լեւոնեան հայ դպրեվանքի մեծաւորը գերյ. Յովսէփ Ծ Վրդ. Քելեկեան ողջունելէ ետք ներկաները հայերէնով եւ Իտալերէնով կարդաց Ամեն հոգ Տիրոջ Օրհնութեան Գիրը ուղղուած մեծարեալներուն, վեր առնելով անոնց գործունէութիւնները. որմէ ետք ներկաներու ցնծալի ՜՜ծափահարութիւններուն՝՝ հետ անոնց կուրծքը զարդարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի բարձրագոյն շքանշանով։

Եւ քանի nր այդ օրը նաեւ պաշտօնական բացումը կը կատարուէր Մալոյեան –ի անուան Հայ Մշակութային Կեդրոնին, Տ. Միքայէլ Սրկ. Ժանժին թարգմանը հանդիսանալով Հռոմահայերու երախտագիտական զգացումներուն հետեւեալ խօսքը ուղղեց Ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ, շնորհակալութիւն յայտնելով այս մեծ պարգեւին համար։

Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր,

Մեծ է մեր ուրախութիւնը այսօր.

Բացումը կը կատարենք Մալոյեան Հայ Մշակոյթի Կեդրոնին` պտուղը կամաւոր եւ անձնուէր խումբ մը հայորդիներուն, որոնք անվերապահ նուիրումով ու խանդավառութեամբ կ՛աշխատին օգտակար ըլլալու՝ Հռոմի հայերուն, հովանաւորութեամբ՝ Լեւոնեան Քահանայապետական Դպրեվանքին։

Ձեր ներկայութիւնը մեր մէջ, այսօր,հաւաստիքն է ձեր հայրական հոգատարութեան ու սիրոյն։ Սիրով ընդառաջեցիք մեր խնդրանքին, ունենալու կեդրոն մը այս լուսաւոր կառոյցին մէջ։

Թարմ է մեր յիշողութեան մէջ, անցեալ հոկտեմբերին, Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի անդամներուն վերապահած ձեր ջերմ ընդունելութիւնը եւ որուն ընթացքին քաջալերեցիք մեզ աշխատելու հայապահպանումի համար ու նաեւ՝ ճանչցնելու հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը հիւրընկալ իտալացիներուն։

Տասը տարիէ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդը, յանձնառու եւ ազգօգուտ արկածախնդրութիւն մը յառաջ կը տանի կազմակերպելով կլոր սեղաններ, բազմաթիւ ազգային ու բարեկամական հանդիպումներ. հաւաքներ ու հաւաքական տօնախմբութիւններ եւ ցուցահանդէսներ Լեւոնեան դպրեվանքի շէնքէն ներս եւ այլուր։

Մեր մտահոգութիւնը միշտ եղած է ծառայել եւ օգտակար ըլլալ Հռոմի հայ համայնքին։ Տարուած այս աշխատանքը, մեզի համար եղած է ՜՜խթան եւ մեկնակէտ՝՝ պատասխանատուութեամբ գործելու։

Վստահ եղէք, Հոգեւոր Տէր, թէ նոյն խանդավառութեամբ պիտի շարունակենք կատարել մեր այս առաքելութիւնը։ Մեր նպատակն է նպաստել հայ մշակոյթի ճանաչումին ու տարածման հռոմաբնակ հասարակութեան մօտ եւ իտալացի ժողովուրդին մօտ։

Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի անդամներ միասիրտ կը ներգործեն։ Սրտի ու մտքի այս միութիւնը սատարեց Մալոյեան հայ մշակոյթի կեդրոնին ստեղծումին։ Մեր իղձն է, որ կեանքի այս նոր փորձառութիւնը բազմաթիւ արդիւնք տայ։

Այս ամէն բանի համար շատ շնորհակալ ենք ու երախտապարտ։ Եւ բարի ճանապարհ մեզի բոլորիս։

Խօսք առաաւ նաեւ Տիար Ռոպէր Աթթարեան, շնորհակալութիւն այայտնելով Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ ու Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքի տեսչութեան որոնք միշտ կը քաջալերեն հայանպաստ ու եկեղեցանպաստ ձեռնարկները. շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ ընտանիքներուն որոնք իրենց ազգանուէր գործունէութիւններուն թիկունք կը կանգնին ։

Ամեն. հոգեւոր Տէրը եւ բոլոր ներկաները եկեղեցիէն թափորով ուղղուեցան Ս. Նիկողայոսի հրապարակը որմէ ալ՝ դէպի Մալոյեան կեդրոն, ուր դրան առջեւ ժապաւէնը կտրելով դռները բացուեցան ՜՜Մալոյեան մշակութային կեդրոնին՝՝ այս առթիւ Կաթողիկոս Պատրիարքը իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ օրհնեց կեդրոնի սրահները... ու ոսկեմատեանի առաջին էջին վրայ արտայայտեց իր զգացումները ու շնորհաւորեց Հռոմահայութեան այս կեդրոնը մաղթելով որ բեղուն գործունէութիւններ կը կատարուին ի նպաստ հայ եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգին։

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ, արդարեւ Լեւոնեան Դպրեվանքի դահլիճը շատ ճաշակով պատրաստուած էր ճոխ հիւրասիրութիւն մը հայկական համադամներով ՜՜Զարթօնք՝՝ անուան տիկնանց յանձնախումբի կողմէ, որմէ ճաշակեցին ներկաները մտերմիկ խօսակցութիւններ փոխանակելով իրարու. ու խօսելով Ամենապատիւ հոգեւոր Տիրոջ ու խորհուրդի անձնակազմին հետ։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.