2009-03-11 12:34:06

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Երէկ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան աշխատանքային երկօրեայ այցելութեամբ Ֆրանսա մեկնեցաւ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախատեսուած են հանդիպումներ՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշների, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահի գլխաւոր դիւանագիտական խորհրդական Ժան - Տաւիտ Լեւիթի հետ։ Վաղը Է. Նալբանդեան եւ Փարիզի քաղաքապետ Պերթրան Տելանոէ ,Փարիզի կեդրոնը բացումը պիտի կատարեն ՝՝Երեւանի Պուրակին՝՝։ Այս այցելութեան ծիրին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ելոյթով հանդէս պիտի գայ Ֆրանսայի միջազգային դիւանագիտական ակադեմիային, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ։ Նախատեսուած են հանդիպումներ Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի՝ Հայաստանի հետ բարեկամական խումբերու անդամներուն հետ։ Նոյնպէս վաղը նախարար Նալբանդեան պիտի այցելէ Ֆրանս Թելեքոմ ընկերութեան կեդրոնատեղին, ուր, Ֆրանս Թելեքոմի նախագահ Տիտիէ Լոմպարի ընկերակցութեամբ, պիտի տրուի Օրանժի պատկերասփիւռային ցանցին մէջ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանի ծրագիրներու հեռարձակման պաշտօնական մեկնարկը։



Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Քանատայ եւ Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ծիրին մէջ, Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած է ՀՅԴ. Բիւրոյի անդամ Հայկ Օշականի, ՀՅԴ. Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեանի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ. Բիւրոյի նախկին անդամ Կարօ Արմէնեանի հետ։ Քննարկուած են Հայրենիք - Սփիւռք գործակցութիւն հայեցակարգի շարք մը դրոյթներ, որոնց վերաբերեալ հանդիպման մասնակիցները ներկայացուցած են առաջարկներ եւ իրենց տեսակէտը։



ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔՐՏԱԿԱՆ, ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՍՈՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿԸ՝ ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱՅԻՆ։ Երէկ Երեւանի Հայեացք ակումբին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին քրտական, ասորական եւ յունական համայնքներու ներկայացուցիչները տեղեկացուցած են, որ Նահատակ Ազգերու միջազգային դաշինք հասարակական կազմակերպութիւնը բաց նամակով մը դիմած է՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, Քոնկրեսին եւ Ամերիկացի ժողովուրդին՝ յոյս յայտնելով, որ ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը մօտ ապագային յաղթանակ արձանագրէ, եթէ ճանչնայ հայոց, քիւրտերու, ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնները։ Նշենք, որ սոյն համայնքներուն ներկայացուցիչները կը համագործակցին Նահատակ Ազգերու միջազգային դաշինքի ծիրին մէջ։



Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեան յայտարարեց, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի կողմէ Հայաստանի տնտեսութեան տրուած որակումները բացարձակապէս անհիմն են։ ՝՝Չեմ կարծեր, թէ նման որակումներ տալը լաւագոյն տարբերակն է Վրաստանի մէջ առկայ բազմապիսի խնդիրներէն վրացի ժողովուրդի ուշադրութիւնը շեղելու համար՝՝, ըսած է Ֆարմանեան՝ ՝՝Մետիամաքս՝՝ լրատու գործակալութեան խնդրանքով ,մեկնաբանելով Հայաստանի տնտեսութեան փլուզման մասին Վրաստանի նախագահի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը։ Սահակաշվիլի արդարեւ յայտարարած էր, թէ ՝՝որովհետեւ Հայաստան ամբողջութեամբ կախեալ է Ռուսիայէն, երբ ռուսական շուկան փլուզուեցաւ, նոյն բախտին արժանացաւ նաեւ Հայաստանի տնտեսութիւնը՝՝։



Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ այսօր Ռիատի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլահ թագաւորին հետ։ ՍՓԱ Լրատու գործակալութիւնը յայտնած, որ Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Մուպարաք եւս Ռիատ այցելելով հանդիպում պիտի ունենայ Ապտալլահ թագաւորին հետ։ Սէուտական մամուլը հաղորդած էր, որ Ռիատ այս շաբաթ Եգիպտոսի, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Սուրիոյ ղեկավարներուն միջեւ փոքր Գերաստիճան մը պիտի հիւրընկալէ։



Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ արեւային առաջին ելեկտրակայանի կառուցումը ։ Հայկական Վիասֆեր տեխնոպարկի մէջ գործող Տրանզիստոր Պլիւս ընկերութիւնը կը նախատեսէ յառաջիկային Հայաստանի մէջ սկսիլ առաջին արեւային ելեկտրակայանի կառուցումը՝ 100 քիլովաթ հզօրութեամբ։ Ընկերութեան տնօրէն Գագիկ Այվազեանը, յայտնեց թէ արհեստագիտական հիմնաւորում ունեցող, ՀՀ. ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան հաւանութեան արժանացած նախագիծը պիտի իրականացուի շարք մը կազմակերպութիւններու հետ համատեղ։








All the contents on this site are copyrighted ©.