2009-03-09 13:39:37

Եկեղեցական Գիտելիքներ

3-րդ Շաբաթ Քառասնորդաց


Եկեղեցական Գիտելիքներ 3-րդ Շաբաթ Քառասնորդաց (9-16Մարտ 2009)

Քառասնորդաց երրրորդ շաբաթը անառակ որդիի շաբաթն է. Յիսուսի ամէնէն գեղեցիկ առակներէն մին է այս, ուր կը տեսնենք Աստուծոյ ողորմութեան անհուն ուժգնութիւնը մեղաւոր մարդուս նկատմամբ։ Նման մտահոգ հօր մը, որ չի հաներ իր սրտին մէջէն իր որդւոյն սէրը, նոյնիսկ երբ ան կը հեռանայ իրմէ եւ անառակութեամբ կը վատնէ իր հարստութեան կէսը, ան միշտ յոյս ունի անոր վերադարձին եւ կը սպասէ անձկագին որ դառնայ իր կորսուած զաւակը։

Եթէ Աստուած դատապարտէր ամէն շեղում եւ որեւէ յոյս մը չթողուր մեղաւորին, պիտի ըլլար նման միւս ազգերուն պաշտած աստուածներուն, որոնք ծարաւի էին զոհերու եւ չէին յագենար երբեք, երբեմն նոյնիսկ մարդկային զոհեր պահանջելով։

Քրիստոնէութեան Աստուածը հայր է նախ քան արարիչ կամ դատաւոր ըլլալը։ Ան ոչ միայն կը ներէ զղջացող մեղաւորին, այլ նոյնիսկ շատ աւելի մեծ ուրախութիւն ու վարձատրութիւն կը շնորհէ անոր քան իր հետ մնացող արդար մարդոց։

Այս շաբթուան մէջ պիտի խօսինք ծաղկող քրիստոնէութեան համար շատ մեծ կարեւորութիւն ունեցող եկեղեցւոյ մը մասին, որ է Անտիոքի Եկեղեցին։

Անտիոքի Եկեղեցին

Պետրոս առաքեալի կը վերագրուի Անտիոքի Եկեղեցւոյ հիմնարկութիւնը, բայց նաեւ Պօղոս առաքեալի, որ բազմիցս անցած է Անտիոքէն։ Այս քաղաքին մէջ է որ առաջին անգամուայ համար Յիսուսի հաւատացեալները կոչուած են քրիստոնեայ անունով, ինչ որ պատահած է Քրիստոսի յարութենէն մօտ 9 տարիներ ետք։ Առաջին պատրիարքական աթոռներէն մին եղած է Անտիոքը։

Նշանաւոր առաջին հայրապետներէն մին եղած է Իգնատիոս, որ կը համարուի ըլլալ այն մանուկը զոր Յիսուս առաւ իր գիրկը եւ կանգնեցուց առաքեալներուն առջեւ ըսելով. Եթէ մէկը այս մանուկին նման չըլլայ, չի կրնար ժառանգել Աստուծոյ արքայութիւնը։ Անտիոքը նշանաւոր եղած է նաեւ իր աստուածաբանական դպրոցով, որ մրցակցութեան մէջ մտած է Աղեքսանդրիոյ դպրոցին հետ։ Այս դպրոցին յատկութիւնը եղած է շեշտը զոր դրած են իր Վարդապետները Քրիստոսի մարդեղութեան վրայ, որով Յիսուս երեւութապէս մարդ չէ եղած այլ իրապէս, ստանալով ոչ միայն մարդկային մարմին, այլեւ մարդկային հոգի եւ միտք։

Հայ Եկեղեցին իր նախնական շրջանին կրած է Անտիոքի դպրոցին ազդեցութիւնը. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը ստանայ Հայաստանի կաթողիկոսի տիտղոսը Կեսարիոյ մետրապոլիտէն, որ կախում ունէր Անտիոքի պատրիարքական աթոռէն։ Առաջին հայ վարդապետները Անտիոք մեկնած են իրենց աստուածաբանական ուսումները կատարելագործելու համար։ Նոյնպէս յետագային, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ կաթողիկոս իրենց ուսումը առած են Անտիոքի մէջ, ինչպէս նաեւ իրենցմէ վերջ` իրենց աշակերտները։ Նեստորի շեղումը սակայն, որ Քրիստոսի մէջ կը բաժանէր մարդը Աստուծմէն, պատճառ դարձաւ որ Հայոց Եկեղեցին փոխէ իր աստուածաբանական ուղղութիւնը եւ յարի Աղեքսանդրիոյ վարդապետութեան, մարմնաւորուած Սուրբ Կիւրեղ Հայրապետէն։

Շաբաթ 14 Մարտին` տօնն է Յովհաննէս Երուսաղէմի հայրապետին, յաջորդը Կիւրեղին։ Ան նշանաւոր եղաւ իր սուրբ կեանքով եւ կրօնական գիտութեամբ։ Բարեկամ էր Յովհան Ոսկեբերանի, որուն հետ կը նամակցէր երբ այս վերջինը աքսորի մէջ էր։ Պայքար մղեց Պեղագեան հերձուածին հէմ. Մեռաւ խաղաղ մահով։








All the contents on this site are copyrighted ©.