2009-03-09 12:30:49

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԻՐԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ։

Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, 9-16 մարտ Երեւանի մէջ տեղի կ՝ունենայ ՝՝Հայաստան - Իրան Գրական կամուրջներ՝՝ խորագրեալ Գիտաժողովը։ Հայաստանի եւ Իրանի գրողներու, նաեւ գրականութեան եւ արուեստի այլ գործիչներու մասնակցութեամբ, ասիկա երրորդ Գիտաժողովն է։ Առաջին հիմնադիր գիտաժողովը տեղի ունեցաւ 2004-ին, Երեւանի մէջ, իսկ երկրորդը՝ 2006-ին, Սպահանի մէջ։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 6 մարտին ընդունած է Հայաստանի՝ Ամերիկեան համալսարանի նախագահ Յարութիւն Արմէնեանը եւ Արցախի համալսարանի Թրփանճեան Գիւղական համայնքներու զարգացման ծրագիրի ղեկավար Արմէն Սարդարեանը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են համալսարանին կողմէ Արցախի մէջ իրականացող ծրագիրներու ներկայ վիճակը եւ անոնց հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր։ Հանդիպման ընթացքին առանձնակի ուշադրութեան արժանացած է անգլերէնի ուսուցման ծրագիրը։

՝՝Ա-Ինֆօ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 22 յունուարին Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն կողմէ ձերբակալուած Ախալցխայի հայ երիտասարդական կեդրոնի տնօրէն Գրիգոր Մինասեան եւ Շարլ Ազնաւուր բարեգործական կազմակերպութեան պատասխանատու Սերկէյ Յակոբջանեան ազատ արձակուած են։ Գործակալութեան տուեալներով, 6 մարտին կայացած դատավարութեան իբրեւ արդիւնք մեղադրեալներուն շնորհուած է մէկ տարուան ժամկէտով պայմանական ազատութիւն։

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարար Հիլըրի Քլինթըն շաբաթ օր Անգարա այցելեց եւ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ։ Քլինթըն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ։ Էրտողանի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ երկու կողմերը քննարկած են՝ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, Միջին Արեւելքը, Իրաքը եւ Աֆղանիստանը յուզող հարցերը։

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՐՔՈՂՆԵՐՈՒ ՊԱՏԻԺԻ ԱՐԺԱՆԹԻՆԵԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ։

Ինչպէս որ արդէն անդրադառցած էինք ,Արժանթինի Արդարադատութեան Նախարարութեան՝ խտրականութեան, օտարազգիներու նկատմամբ թշնամութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի ազգային հիմնարկի տնօրէն Մարիա Հոսէ Լուպերթինօ 6 մարտին յայտարարեց, որ իր ղեկավարած հիմնարկը կը պատրաստէ օրէնքի նախագիծ մը, որուն համաձայն ՝՝Հրէական Ողջակիզումը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Արժանթինի Ռազմական Բռնակալութեան ժամանակաշրջանին պետական ահաբեկչութեան Ուրացումը՝՝ յանցագործութիւն պիտի նկատուին։ Օրինագիծին կ՝աջակցին Արժանթինի հրէական միութիւններու պատուիրակութիւններու կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը եւ սոյն հիմնարկի ղեկավարման խորհուրդի անդամ Միկել Անկել Զեխի։ Քննարկումները արդէն սկսած են այդ ուղղութեամբ եւ յառաջիկայ երկու ամիսներու ընթացքին օրինագիծը պիտի ներկայացուի Արժանթինի խորհրդարանին՝ վաւերացում ստանալու համար։

Պաղեստինեան Իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ Համասի ղեկավարներուն կոչ ուղղեց ՝՝Կազան վերաշինելու համար արագ կերպով ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութեան աշխատելու ուղղութեամբ՝՝։ Կը նախատեսուի, որ Ալ-Ֆաթհ եւ Համաս շարժումները երեքշաբթի օր Գահիրէի մէջ 10 օր տեւող բանակցութիւններու սկսին, սակայն համաձայնութեան մը գոյացման կարելիութիւնը կը շարունակէ անորոշ մնալ։

՝՝Ռոյթըրզ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը գրէ որ հայ մը ռուսական զէնքեր, ներառեալ՝ հրթիռարձակ ձեռնառումբեր եւ այլ զէնքեր Միացեալ Նահանգներ մաքսանենելու դաւադրութեան մասնակցելու ամբաստանութեամբ 22 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է։ 30-ամեայ Արթիւր Սոլոմոնեան ամբաստանուած է զէնքի մաքսանենգման մեղադրանքով եւ յանցաւոր նկատուած է յուլիս 2007-ին հարաւային ափրիկեցի Քրիսթիան Տիւուեթ Սփայզի եւ այլ չորս այլ անձերու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.