2009-03-08 17:45:54

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, մարտ 8, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, Ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.



Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Քառասնորդացի այս շրջանը մեզմէ ամէն մէկուն համար ժամանակն է ապաշխարութեան, ծոմապահութեան եւ դէպի Աստուած վերադարձի ։ Այսօրուան Աւետարանը կը հրաւիրէ մեզ խորհրդածելու Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը լեռան վրայ, ներկայութեամբ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն։ Մեր սրտին մէջ ընկալենք լոյսը որ ցոլաց Քրիստոսի դէմքին վրայ։ Եւ այսպէսով պիտի կարենանք մեր կարգին սատարել երկրի դիմագիծի բարեփոխութեան։ Ձեզի ամէնուդ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը։



Մարեմեան աղօթքէն ետք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօրուան թուականը` 8 Մարտը, կը հրաւիրէ մեզ խորհրդածելու՝ կնոջ իրավիճակին մասին եւ վերանորգելու մեր յանձնառումը, որպէսզի ամէն ժամանակ եւ ամէնուրեք կինը կարողանայ ապրիլ եւ արտայայտել իր բոլոր կարողութիւնները եւ արժանանայ մեր յարգանքին։ Այս ուղղութեամբ արտայայտուեցաւ վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը եւ քահանայապետներու ուսուցումը եւ ի մասնաւորի ատիկա կը գտնենք Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի ՜՜Կնոջ Արժանաւորութիւնը՝՝ կոչուած շրջաբերական թուղթին մէջ։ Այդ վաւերաթուղթերէն աւելի, սուրբերու օրինակը կը ցոլացնէ կնոջ կարողութիւններն ու արժանաւորութիւնը, մեր այս ժամանակաշրջանին մէջ ամէնքս ականատես եղանք Կալկաթայի մայր Թերեզային օրինակին, դուստրը Ալպանիոյ։ Ան դարձաւ, Աստուծոյ շնորհքով, օրինակ մը համայն աշխարհին, լիովին ապրելով՝ եղբայրօգնութիւնը ու աշխատելով ամէն անհատի յառաջդիմութեան համար։ Մեծ է թիւը այն կիներու որոնք մեր օրերուն կ՛ապրին մարդկութեան բարիքին համար ու նաեւ Աստուծոյ Արքայութեան պայծառութեան։ Իմ աղօթքս կը բարձրացնեմ բոլոր կիներուն համար, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, որպէսզի անոնց արժանաւորութիւնը միշտ աւելի յարգուի, եւ միշտ աւելի արժէքաւորուի անոնց դրական կարողութիւնները։



Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜ յառաջիկայ մարտ 17-23 Ափրիկէ առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարեմ, նախ Գամերուն եւ ապա Անկոլա դրսեւորելու իմ դրական մօտիկութիւնս Ափրիկէի բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն։ Իսկ մայիս 8-15 ուխտագնացութիւն պիտի կատարեմ Ս. Երկիր Աստուծմէ հայցելու խաղաղութեան շնորհքը։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ այս դիտաւորութեան համար աղօթէք՝՝։  








All the contents on this site are copyrighted ©.