2009-03-08 17:46:53

8 Մարտ Կիներու Օրուան Առթիւ.


8 Մարտ Կիներու Օրուան Առթիւ.

Այսօր Մարտ 8ը, Կիներու նուիրուած միջազգային այս օրը անգամ մը եւս մեզի կուտայ առիթը խորհրդածելու Կնոջ գոյավիճակի մասին անշուշտ թէ միջազգային ու նաեւ ազգային գետնի վրայ, նկատի ունենալով որ կան ոչ նուազ տարբերութիւններ։ Քանի տակաւին հայ հասարակութեան մեծամասնութեան մէջ տարածուած է այն կարծիքը, թէ կինը կարող չէ գործել քաղաքական ասպարէզէ ներս։ Մինչդեռ այլ երկրներու բազմաթիւ օրինակները մեծապէս կ՝ապացուցանեն որ կիները ոչ միայն կարող են գործել քաղաքական մարզէն ներս այլ նաեւ անոնց մասնակցութիւնը պարտադիր է,որովհետեւ հոն ուր Կնոջ ներկայութիւնը նուազ է եւ կամ թէ ամբողջովին բացակայ՝ ընկերային,մշակութային ու քաղաքական կեանքէն, այդ երկիրը նովին գործով յետամնաց երկիր է։ Եթէ եւրոպական երկրներու մէջ կիները քաղաքական ասպարէզի մէջ պատշաճ թիւ կը կազմեն, յատկապէս Սկանտինաւեան երկրներու քաղաքական ոլորտը մօտեցած է սեռային հաւասարակշռութեան, իսկ որոշ պարագաներուն նոյնիսկ կիները կը գերակշռեն։ Այսօր կ՝ուզենք յիշել Անկելա Մերքելը որ ամբողջ աշխարհին եւ մասնաւորապէս աւանդապահ գերմանացիներուն ցոյց տուաւ որ , որ կին Վարչապետը կարող է յստակ որոշումներ կայացնել, ցուցաբերելով քաղաքական լուրջ դիւանագիտութիւն։ Ապա չմոռնանք որ անցեալ տարի քիչ չէին ֆրանսայ կայացած նախագահական ընտրութիններու ժամանակ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Սեկոլէն Ռուայալի համակիրները։ Թէպետ ընտրութիւններուն յաղթանակ տարաւ Նիքոլա Սարքոզին, սակայն եւրոպական մամուլը Ռուայալը կոչեց ՝՝մարտնչող ու հաստատակամ՝՝։ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա իր կուսակից դեմոկրատ Հիլարի Քլինթընը անուանեց ՝՝քաղաքական լուրջ հակառակորդ ու լաւ գործընկեր՝՝ եւ այսօր որպէս Ամերիկայի Պետական քարտուղարը Ամերիկայի նոր քաղաքականութիւնը կը ծանօթացնէ համայն աշխարհին,որպէս Ա.ին ներկայացուցիչը աշխարհի ամենահզոր Պետութեան։ Չմոռնանք նաեւ Եուլիա Թիմոշենքոն որ պատմութեան մէջ կը մնայ ոչ թէ որպէս ՝՝ մազը հիւսքով տիկինը՝՝, այլ կինը որմէ բխաւ նարնջագոյն Յեղափոխութիւնըն։ Հոս յիշենք նաեւ այլ երկու մեծ երկիրներու նախագահ կիները,ինչպէս Չիլիի նախագահը Միշէլ Պաշլէ եւ Արժանթինի նախագահը Քրիսթինա Քիրշնէր։ Այսօր Մարտ 8-ը, Իտալիոյ Հաւասար Պատեհութեանց երիտասարդ Նախարարուհին Մարա Քարֆանիա այցելեց Գոսովօ գտնուող զինուորական ուժերու խարիսխը՝ողջունելով յատկապէս հոն պաշտօնով գտնուող 81 իտալացի կին զինուորները։ Գալով Հայստանի ըստ մեր տեղեկութեանց ՀՀ. Ազային Ժողովին մէջ կան կին քաղաքական գործիչներ, սակայն անոնք շատ փոքր թիւ մը կը կազմեն,անհրաժեշտ է որ կիներու թիւը Խորհրդարանին մէջ աճի եւ հասնի հարիւրէն 30 տոկոսի։ Հուսկ այր մարդը որպէս նշան իր հասունութեան,զգայնութեան ու իմացականութեան պէտք է ընդառաջէ ու գործէ որպէսզի Կինը ունենայ իր նոյն իրաւուքները, եւ որպէսզի իր կեանքի ընկերը բաժնեկցի իր հետ ամէն ինչ նոյն մակարդակի վրայ եւ հաւասարապէս։










All the contents on this site are copyrighted ©.