2009-03-07 12:33:10

Լուրեր հայ աշխարհէն

ԼՂՀ Նախագահի Շնորհաւորական Ուղերձը՝ Կանանց Տօնին Առիթով


Կանանց միջազգային օրուան առիթով, Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան կատարեց ուղերձ մը, որով իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց կիներուն, այս օրուան առթիւ։ Սահակեան երախտագիտական խօսքեր արտայայտեց եւ որակեց կինը՝ ու յատկապէս հայ կինը ընտանեկան օճախի պահապան եւ հայրենիքի պաշտպան, սերունդներ դաստիարակող եւ անկախ պետականութեան կերտման մասնակիցներ, ուժ ու եռանդ տալով ժողովուրդին։

Նախագահ Բակօ Սահակեան իր ուղղերձը եզրափակեց ըսելով. ՜՜ Թանկագին մայրեր, քոյրեր ու դուստրեր, Արցախի հերոս կանայք, շնորհաւորում եմ բոլորիդ եւ ցանկանում, որ միշտ լինէք առողջ ու գեղեցիկ, ապրէք լիութեան ու բարօրութեան մէջ՝ շրջապատուած անհուն սիրով ու հոգատարութեամբ՝՝։



Հայաստանի համալսարաններու սփիւռքահայ շրջանաւարտներու հաւաք՝ Երեւանի մէջ։

Յառաջիկայ Յունիսի 22-23 նախաձեռնութեամբ Հայաստան-սփիւռք նախարարութեան Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Հայաստանի բուհերու՝ այն է (Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեանց-համալսարաններու Խումբի) 1960-1970 ական թուականներու սփիւռքահայ շրջանաւարտներու հաւաքը։ Կը Նախատեսուի նաեւ նման հաւաքներ կատարել հետագային ընդգրկելով նաեւ յաջորդ տարիներու շրջանաւարտները։

Հաւաքին նպատակն է՝ քննարկել ՀՀ բուհերու սփիւռքահայ շրջանաւարտներու դերը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ եւ ստեղծել սփիւռքահայ շրջանաւարտներու համահայկական ընկերակցութիւն։



Կիպրոսի մէջ Երիտասարդական Հաւաք

Հովանաւորութեամբ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք Հերկելեանի եւ նախաձեռնութեամբ թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, Ազգային առաջնորդարանի Վ Իւթիւճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երիտասարդական հաւաք հանդիպում մը՝ գլխաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Նշան եպս Թոփուզեանի։

Նշան եպս Թոփուզեան գնահատեց երիտասարդութեան ներկայութիւնը, ամփոփ կերպով բացատրութիւն տուաւ Ատրպատականի հայոց թեմին մասին, ապա անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի հռչակագրին, մասնաւորաբար այն բաժիններուն, ուր վեհափառը կը թելադրէ, որ պէտք է լաւապէս հետաքրքրուիլ երիտասարդութեամբ եւ զիրենք մտահոգող բազում հարցումներուն տալ յարմարագոյն պատասխան։ Հանդիպումէն ետք առաջնորդը յուշանուէրներ բաժնեց ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.