2009-03-07 13:03:41

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալֆրետօ Մոնթիքայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Ալֆրետօ Մոնթիքա ընդգծած է, որ Իտալիա շահագրգռուած է Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացումով եւ իր այցելութիւնը կը միտի այդ նպատակի իրականացման։ Նախարար Նալբանդեան եւ Մոնթիքա խօսած են երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական, առեւտրա-տնտեսական եւ մշակութային մարզերուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման ուղիներուն մասին։



Քանի մը օր առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց մարդկային իրաւանց վերաբերեալ իր տարեկան զեկուցումը, որուն մէջ քննադատութիւն կայ Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան վերաբերեալ։ ՝՝Փանարմինիըն.նեթ՝՝ լրատուական կայքէջի խնդրանքով զեկուցումին վերաբերեալ տեսակէտ յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան լրատուամիջոցներու հետ կապի բաժանմունքի վարիչ Տիգրան Բալայեան։ Ըստ Բալայանի , զեկուցումին մէջ կայ որոշակի արդարացի քննադատութիւն, սակայն ակնայայտ է նաեւ միակողմանի աղբիւրներու վրայ հիմնուած եզրակացութիւններու գոյութիւնը որ նկատի չառներ գործընթացներու զարգացման համեմատական ուժեղականութիւնը եւ արձանագրուած դրական միտումները։



ԵՐԵՒԱՆ - Ապրիլ 16ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանը։ Մինչդեռ, թրքական մամուլը կը գրէ, որ Երեւան փոխած է ժողովին թուականը՝ Ապրիլի 26էն ՝ Ապրիլ 16ի, անոր համար որ Ապրիլ 24ին Հայաստանի մէջ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։ Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան հաղորդած է, թէ ՍԾՏՀ ժողովին օրը չէ փոխուած։ ՝՝Գագաթնաժողովը սկիզբէն ի վեր որոշուած էր Ապրիլի 16ին եւ թէ թրքական մամուլի յայտնած հրապարակումները չեն համապատասխանէր իրականութեան ( նշած է Բալայեան)։ Նախքան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, Մարտի 13ին Երեւանի մէջ պիտի հանդիպին ՍԾՏՀ ուժանիւթի նախարարները, Մարտ 27ին՝ երթեւեկութեան նախարարները, իսկ Ապրիլ 10ին՝ գիւղատնտեսութեան նախարարները։



ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ - Արժանթինի արդարադատութեան նախարարութեան Խտրականութեան, օտարազգերու նկատմամբ թշնամութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի ազգային հիմնարկի (INADI) տնօրէն Մարիա Հոսէ Լուպերթինօ, Մարտ 6ին յայտարարեց, թէ իր ղեկավարած հիմնարկը կը պատրաստէ օրէնքի նախագիծ մը, որուն համաձայն, Հրէական Ողջակիզումը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Արժանթինի Ռազմական Բռնակալութեան ժամանակաշրջանի պետական ահաբեկչութեան ուրացումը յանցագործութիւն պիտի համարուին։ Օրինագիծին կ՝աջակցին Արժանթինի հրէական միութիւններու պատուիրակութիւններու (Delegacion de Asociaciones Israelitas Argentinas) կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը եւ INADI հիմնարկի ղեկավարման խորհուրդի անդամ Միկէլ Անկէլ Զեխի։



Հինգշաբթի Մարտ 5ին, Ս. Փեթըրզպուրկի մէջ իր մահկանացուն կնքեց 82 տարեկան անուանի հայագէտ-բիւզանդագէտ, միջնադարեան հայոց պատմագրութեան երկերու հմուտ թարգմանիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Կարէն Իւզպաշեանը։

Ան ծնած է Թիֆլիս, 1927ի Յունուար 6ին, Շուշիէն ճարտարագէտի մը ընտանիքին մէջ։ 1955-58 թուականներուն աշխատած է Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ, 1958էն մինչեւ մահ՝ Գիտութիւններու Ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան հիմնարկի Լենինկրատի (այժմ Ս. Փեթըրզպուրկ) բաժանմունքէն ներս։ Իւզպաշեան կը զբաղէր Հայոց պատմութեան եւ մատենագրութեան, հայկական ձեռագիրներու, հայ-բիւզանդական յարաբերութիւններու, հայագիտութեան պատմութեան, ինչպէս նաեւ Բագրատունեաց Հայաստանի պատմութեան ուսումնասիրութիւններով։ Վերջին տարիներուն կը դասաւանդէր Ս .Փեթըրզպուրկի համալսարանի ուսանողութեան։

Իւզպաշեան 1990-1995 թուականներուն ընտրուած է Հայաստանի հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, իսկ Ղարաբաղեան շարժումի առաջին օրերէն արդէն, արտասահմանի մէջ ան տարած է շարժման քարոզչական ազդեցիկ գործունէութիւն։ Կարէն Իւզպաշեան բազմաթիւ անգամներ գտնուած է Հռոմ, ու եղած է մեր այս Ռատիովատիկանի հայերէն հաղուրդումի պատուական հիւրը…մեր խորին ցաւակցութիւնները հայ ազգին ու ողբացեալի հարազատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.