2009-03-06 14:17:01

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Մարտ ամսոյն համար, կը խնդրէ հաւատացեալներէն, ՜՜աղօթել որպէսզի Չինաստանի կաթողիկէները ըլլան միջոց միութեան, հաղորդութեան ու խաղաղոութեան՝՝։


Աղօթքի այս դիտաւորութեամբ՝ Սրբազան Քահանայապետը կը յուսայ որ Չինաստանի կղերը աշխատի ըլլալ ՜՜նշան ու պատճառ միութեան, հաղորդութեան ու խաղաղոութեան՝՝։ Այդ ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը 27 մայիս 2007ի յղած՝ իր նամակին մէջ, ուղղուած՝ Չինաստանի եկեղեցւոյ, կը խնդրէ կաթողիկէ աշխարհէն որպէսզի աղօթէ Չինաստանի քրիստոնեաներու միութեան եւ համայն Չինաստանի ժողովուրդի համակեցութեան ու ներդաշնակութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ Աստուածածնէն որ՝ նեցուկ կենայ ՜՜դժուարութեան մէջ ապրող քրիստոնեաներուն՝՝։Սրբզ. Հայրը կ`աղօթէ որպէսզի հաւատացեալները ՜՜դժուարութիւններու մէջ իսկ նշմարեն Աստուծոյ սիրալիր ներկայութիւնը՝՝ որպէսզի բնաւ չվախնան խօսելու Յիսուսի մասին։ Հուսկ Հռոմի Պապը կ`աղօթէ Չինաստանի հաւատացեալներուն համար որպէսզի միացած մնան ՜՜ժայռին՝՝ որ է Կաթողիկէ Եկեղեցին։ Հուսկ՝ Սրբզ. Քահանայապետը Շեշանի Տիրամօր կը յանձնէ Չինաստանի կաթողիկէները, որպէսզի զանոնք իր մայրական հովանաւորութեամբ առաջնորդէ եւ լուսաւորէ ։

Սրբազան Քահայանապետին յօրինած աղօթքը Չինաստանի համար։

Ամենասուրբ կոյս Մարիամ, մայրը մարդացեալ Բանին ու մեր մայրը, մեծարուած Շեշանի մարեմեան սրբավայրին մէջ, որպէս օգնական քրիստոնէից.

Չինաստանի համայն եկեղեցին մեծ ՜՜գորովով՝՝ քեզի կը դիմէ, ու մենք, այսօր, եկած ենք քու պաշտպանութիւնդ հայցելու։

Հայացքդ ուղղէ դէպի Աստուծոյ ժողովուրդը ու առաջնորդէ զինք քու մայրական հոգատարութեամբ ՜՜դէպի ճշմարտութիւնն ու սէրը՝՝ որպէսզի ամէն պարագաներուն մէջ ըլլայ խմորը ներդաշնակ համակեցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.