2009-03-06 13:46:04

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Աֆղանիստանի նոր նշանակուած դեսպան Զալմայ Ազիզի հաւատարմագիրը (նստավայրը՝ Մոսկուա)։ Նախագահը շնորհաւորած է դիւանագէտը՝ պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ վստահութիւն յայտնած է, որ ՝՝անոր նշանակումով երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ որոշակի աշխուժութիւն պիտի արձանագրուի՝՝։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կ՝ընծայէ Աֆղանիստանի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման եւ բարձր կը գնահատէ այդ ուղղութեամբ գործադրուող աշխատանքները։

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին առեւտուրի նախարար Տիկին Լուպնա Խալետ Քասիմին։ Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստան կարեւորութեամբ կը շեշտէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ համակողմանի հետագայ զարգացումը եւ յոյս յայտնած է, որ արտաքին առեւտուրի նախարարին Հայաստան այցելութիւնը նոր թափ տայ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումին ու խորացումին։

՝՝ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ՝՝ ՆԻՒԹՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ։ Միչիկընի, Անն Արպըր համալսարանի հայագիտութեան ծրագիրը կազմակերպած է ՝՝Հայաստանը ու հայութիւնը միջազգային համաձայնութեանց մէջ՝՝ նիւթով քառօրեայ խորհրդաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ 18-21 մարտին՝ մասնակցութեամբ հայ եւ օտար մասնագէտներու։

ՍՈՒՏԱՆ։Սուտանի նախագահը, որուն դէմ Միջազային Քրէական Դատարանը ձերբակալման հրամանագիր արձակած է, Հասան Պաշիր, միջազգային դատարանը, ՄԱԿ-ը եւ օժանդակութեան գործակալութիւնները ամբաստանեց իբրեւ իր երկիրը ապակայունացնելու ձգտող նոր գաղութատիրութեան մը մէկ մասը։ Սուտան մարդասիրական 10 գործակալութիւններու հրամայեց հեռանալ Տարֆուրէն։ Մարդասիրական Գործակալութեանց մէջ յանձնառու անձնակազմը զգուշացուց յայտարարելով որ ,՝՝վտարման հրամանագիրը կրնայ Տարֆուրի մէջ 2 միլիոն մարդոց մարդասիրական տագնապ ստեղծել՝՝։ Ըստ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներուն Սուտանի նախագահը 2003էն ի վեր Տարֆուրի մարզին մէջ 300 հազար հոգի սպաննած է։

Գագիկ Բեգլարեան Կը Խոստանայ Թեթեւցնել Երեւանցիներուն Վիճակ։ Բարձր գնահատելով Երուանդ Զախարեանի վերջին վեց տարիներու ընթացքին արձանագրած գործնական յաջողութիւնները՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ քաղաքապետարանի աշխատողներուն ներկայացուց իրենց նոր ղեկավարը՝ Գագիկ Բեգլարեանը։ Նորանշանակ քաղաքապետը հաւաստած է, թէ ինք պատրաստ է գործադրելու բոլոր ջանքերը՝ թեթեւցնելու համար Երեւանի ու երեւանցիներու վիճակը, եւ լուծելու զանոնք մտահոգող խնդիրները։

Փան Արմինեըն.Նեթ- ՝՝The Canadian Jewish News՝՝ թերթով հրապարակած իր յօդուածին մէջ Նորման Էփսթէյն գրած է, թէ՝ Մահմետական բոլոր երկիրներէն՝ Իսրայէլ յարաբերութիւններ ունի միայն Թուրքիոյ հետ՝՝։ Այդ յարաբերութիւնները ծնած են անհրաժեշտութենէ. Թուրքիա միջնորդ կը հանդիսանայ Սուրիոյ հետ բանակցութիւններուն։ Փոխարէնը, Թուրքիա ռազմական գիտելիքներ եւ սարքեր կը ստանայ Իսրայէլէն։ Այսուհանդերձ, հրեաները պէտք է հրաժարին Հայերու Ցեղասպանութիւնը ժխտող Թուրքիայէն։ Նորման Էփսթէյնի կարծիքով, Կազայի տարածքին վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, Թուրքիոյ մէջ ի յայտ եկած են տագնապալի ազդանշաններ, որոնց շարքին ՝՝հակասեմականութեան՝՝ բռնկումը։

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Չորեքշաբթի օր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, հաւաստած է, որ պետութիւնը համապատասխան քայլերու ձեռնարկած է՝ ստեղծուած տնտեսական իրավիճակէն առանց ցնցումներու դուրս գալու համար։ Անդրադառնալով ապրանքներու գիներու աճին, վարչապետը վստահեցուցած է, որ տեղական ապրանքա-տեսակներու կապակցութեամբ գիներու բարձրացում պիտի չըլլան, պիտի չբարձրանայ նաեւ հացին գինը։ Նշենք, որ վերջերս, ԼՂՀ նախագահի եւ Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներու միջեւ հանդիպման ընթացքին, դարձեալ խօսուած է հացի գինի մասին։ Ուսանողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ՝ ինչո՞ւ ցորենի գինի նուազումը չէ բերած հացի գինի նուազում , նախագահ Բակօ Սահակեան նշած է, որ ՝՝այդ ոլորտէն ներս անկանոն վիճակ կը տիրէ՝՝։










All the contents on this site are copyrighted ©.