2009-03-05 13:07:06

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԳԱԳԻԿ ԲԵԳԼԱՐԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, երէկ Գագիկ Բեգլարեան նշանակուած է Երեւանի քաղաքապետ։ Նախագահի այլ հրամանագիրով մը Երուանդ Զախարեան ազատ կացուցուած է Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնէն եւ նշանակուած է Հայաստանի նախագահի խորհրդական։

Հայաստանի Հանրային Ռատիոն կը հաղորդէ, որ երէկ կէս ժամ ուշացումով Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային մէջ Հայաստանի Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան շնորհաւորած է դասախօս, մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ Վլատիմիր Խոճապեկեանի ծննդեան 80-ամեակը։ Վարչապետը ներողութիւն խնդրած է իր ուշացման համար, այդ կէս ժամուան ուշացումը բացատրած է այն ձեւով, որ Հայաստանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապը յաղթահարելու համար՝ կառավարութեան ղեկավարը հանդիպած է ադամանդի արդիւնահանումով զբաղող ռուսական մեծագոյն ընկերութեան ԱԼՌՈՍԱ-ի ղեկավարներուն հետ։ Հոն ներկայ լրագրողները փորձած են Տիգրան Սարգսեանէն որեւէ մանրամսնութիւն քաղել ՝՝դրամ-տոլար փոխարժէքի, երէկուընէ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ տիրող քաոսին՝՝ մասին, սակայն Վարչապետը հեռացած է՝ բաւարարուելով միայն հեռուէն բարեւել իրեն սպասած լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները։

Փանարմինիըն.նեթ լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ առջի օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է, թէ Երեւան եւ Պաքու դրական գնահատած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը Ցիւրիխի մէջ, եւ ատիկա դրական գործօն է։ Սակայն, ըստ անոր, բացասական գործօն մը կայ նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ազրպէյճանցիներու տարածած շարք մը փաստաթուղթերը, որոնց մէջ կան Հայաստանը քննադատող կէտեր։ ՝՝Կը Յուսամ որ մեզի համար կարելի պիտի ըլլայ մօտակայ ամիսներուն կազմակերպել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու նոր հանդիպում մը՝՝, ըսած է Պեռնար Ֆասիէ՝ աւելցնելով, որ բանակցային գործընթացը կը շարունակուի։

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ խոստացաւ աշխուժ կերպով ու անձնապէս մասնակցիլ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն եւ քննադատեց Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան տուներու քանդումը՝ զայն ՝՝աննպաստ՝՝ որակելով։ Քլինթըն նաեւ ուժեղ զօրակցութիւն յայտնեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի։ Ան ըսաւ, թէ ՝՝Պաղեստինեան Իշխանութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդին միակ օրինական կառավարութիւնն է՝՝։

Իրանի Գերագոյն հոգեւոր պետը Խամենէիի երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Իսրայէլին զօրակցելու Ճորճ Պուշի ընթացած նոյն սխալ ուղիով կընթանայ։ Իսլամական հանրապետութեան մէջ վերջին խօսքը ունեցող Իրանի Գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Սէյիտ Ալի Խամենէիի խօսքերը հաւանական է, որ ամերիկեան նոր վարչակազմին համար յուսախաբութիւն պատճառեն։ Օպամայի վարչակազմը կուզէ Իրանի հետ կապ հաստատել։

Միջազգային քրէական դատարանը երէկ Սուտանի նախագահ Օմար Հասան Պաշիրը Տարֆուրի մէջ պատերազմական ոճիրներու ամբաստանութեամբ ձերբակալելու հրամանագիր մը հրապարակեց։ Այս առաջին անգամն է, որ Լա Հէյի դատարանը երկրի մը իշխանութեան վրայ գտնուող ղեկավար մը ձերբակալելու հրահանգ կարձակէ։ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ ան 2003-էն ի վեր Տարֆուրի մէջ 300 հազար հոգի սպաննած է։

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԿՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՂ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆ ՄԸ ։ Լորան Թուել պատրաստած է 1 ժամ 34 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէն մը՝ ՝՝Լը Փրոմիէ սերքլ՝՝ (Առաջին շրջանակը) որուն գլխաւոր դերը ստանձնած է հռչակաւոր դերասան Ժան Ռընօ, որ ժապաւէնին մէջ ստանձնած է հայկական քլանի մը ղեկավարի մը՝ Միլօ Մալաքեանի դերը։ Ժապաւէնին մէջ կը ներկայացուի, թէ Մալաքեան Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին կորսնցուցած է իր ընտանիքի անդամներէն շատեր եւ այդ պատճառով դառնացած է։ Դերասան Ժան Ռընօ ֆրանսական Լը Ֆիկարօ օրաթերթին կըսէ, թէ հայկական մաֆիա մը իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի։ Իրողութեան մէջ պատմութիւնը կրնար որեւէ վայր տեղի ունենալ, սակայն այս յատուկ ծիրը կարտօնէ, որ ոգեկոչենք 1915-ի ջարդերը եւ հայերու յիշողութիւնը։ Ես անձնապէս շատ զգայուն եմ այդ հարցին նկատմամբ, որովհետեւ Ազնաւուրի գործակատար Լեւոն Սայեանի հետ սերտ բարեկամութիւն ունիմ (ընդգծած է Ժան Ռընօ)։








All the contents on this site are copyrighted ©.