2009-03-04 12:45:45

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Գերմանիոյ Քէոլն քաղաքին մէջ Պետական Դիւանի շէնքը փուլ եկաւ։Առ այժմ ( ըստ վերջին տեղեկութեանց) 2 անձեր բանտարկուած են փլատակներուն տակ։Դիւանի շէնքի մօտակայ ստորերկրեայ երկաթուղիի շինութիւնը պատճառ եղած կը նկատուի ահաւոր փլուզումին։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏՈԼԱՐԻ ԳԻՆԸ ՄԷԿ ՕՐՈՒԱՆ ՄԷՋ 310 ԴՐԱՄԷՆ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ՝ 372 ԴՐԱՄԻ։ Երէկ քանի մը ժամուան ընթացքին Հայաստանի մէջ մէկ տոլարի արժէքը բարձրացած է մինչեւ 372 դրամ, իսկ մէկ Էուրոյի արժէքը հասած է մինչեւ 440 դրամ, այն պարագային, երբ տակաւին նախանցեալ օր տոլարի փոխարէժքը փոխանակման կէտերուն մէջ 305-310 դրամ կարժէր, իսկ Էուրոյի փոխարժէքը՝ 387 դրամ։ Երէկ( ըստ շարք մը աղբիւրներու տուեալներուն) Երկրի Կեդրոնական Դրամատունը պաշտօնապէս որոշած է դադրեցնել տոլարի հետ կապուած բոլոր գործողութիւնները։ Միւս կողմէ Հայաստանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի մնայուն ներկայացուցիչ Նինկէ Օմես երէկ լրագրողներուն յայտնած է, որ ֆոնտը պատրաստ է 540 միլիոն տոլարի վարկ տրամադրելու Հայաստանին։ Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ վարկը պիտի տրուի 5 տարուան ժամկէտով եւ 1,54 առ հարիւր տարեկան տոկոսով։ Միշտ երէկ Մամլոյ Ազգային Ակումբին մէջ քննարկելով համաշխարհային տնտեսական տագնապը եւ Հայաստանի վրայ անոր ունենալիք հաւանական ազդեցութեան հետեւանքները՝ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արա Նռանեան նախատեսեց, որ ՝՝տագնապի բացասական հետեւանքները մեղմացնելու համար կառավարութիւնը պէտք է հասցէական տնտեսական քաղաքականութիւն իրականացնէ՝՝։ Իսկ Մոսկուա կատարած պաշտօնական միօրեայ աշխատանքային այցէն ետք, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յայտարարած թէ ՝՝Մոսկուա այցելութեան նպատակը՝ յստակացնել էր Մոս կուայի քայլերը, որոնք պիտի օժանդակեն Հայաստանին՝ դիմագրաւելու տնտեսական ճգնաժամը։ Այս ծիրէն ներս, վարչապետը հանդիպած է Ռուսիոյ կեդրոնական դրամատան նախագահ Սերկէյ Իկնատեւի, եւ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ։

ՀՀ. ԱԺ-ի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Աւստրիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարիուս Կալիարիսին։ Բարձր գնահատելով հայ-աւստրիական յարաբերութիւնները՝ ԱԺ-ի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը ընդգծած է երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը եւ միջ-խորհրդարանական փոխ գործակցութեան աշխուժացումը։

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Թուրքիան հրաւիրած է Հայաստանի մէջ ուժանիւթի հիւլէական նոր կայանի մը շինութեան մասնակցելու։ Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ վարչապետ Սարգսեան ռուսական ՝՝Նեզաւիսիմայա կազեթա՝՝ օրաթերթին յայտնած է, որ ՝՝մեր ռազմավարական գործընկեր Ռուսիոյ կողքին կուզենք նաեւ, որ մեր դրացի Թուրքիան մասնակցի հիւլէական ուժանիւթի կայանի շինութեան, բան մը, որ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման պիտի նպաստէ՝՝։Հայաստան կը ծրագրէ հազար մեկաուաթ ուժգնութեամբ նոր կայանը կառուցել՝ փոխարինելու համար Մեծամօրի հիւլէական կայանը։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ Իսրայէլի մէջ հանդիպում ունեցաւ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւ խոստացաւ գործակցիլ իսրայէլեան յառաջիկայ կառավարութեան հետ, սակայն նաեւ փոխանցեց յստակ պատգամ մը, որ կրնայ տարակարծութեան դուռ բանալ Իսրայէլի յառաջիկայ վարչապետին հետ։ Ան ըսաւ, թէ ՝՝Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ պաղեստինեան պետութեան հաստատման՝՝։ Պենիամին Նեթանիահու կ՝ընդդիմանայ պաղեստինեան ամբողջական անկախութեան։

ԹՈՒՐՔԻԱ։ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա Պոզճաատա կղզիին վրայ գտնուող Յոյն- Ուղղափառ եկեղեցւոյ կալուածատիրական իրաւունքները բռնաբարած է։ Պոզճաատայի Քիմիսիս Թէօտոքու Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ հիմնարկը թրքական դատարաններուն դէմ իր անուան տակ իր կալուածը արձանգարելու մերժումին դէմ գանգատ ներկայացուցած էր՝ հիմնուելով ուխտի թիւ 1-ի առաջին յօդուածի (կալուածներու պաշտպանութիւն), 6-րդ յօդուածի ( արդար դատավարութեան իրաւունքի), 9-րդ յօդուածի (մտածումի, խիղճի եւ կրօնի ազատութեան իրաւունքի), 13-րդ յօդուածի (ազդու դարմանումի իրաւունքի) եւ 14-րդ յօդուածի (խտրականութեան արգիլման) վրայ։ Դատարանը ուխտի առաջին յօդուածը բռնաբարելուն համար Թուրքիոյ հրամայած է հիմնարկին վճարել 105 հազար Էուրոյի (132,406 տոլար) հատուցման գումար մը, ներառեալ՝ դատարանային ծախսերը։

Ուաշինկթըն ։Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտոն Պրաուն, Սպիտակ Տունը այցելող առաջին Եւրոպացի ղեկավարը հանդիսացաւ։ Ան երէկ հանդիպում ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.