2009-03-03 15:15:01

2009 հայ երիտասարդութեան տարի


 Ինչպէս երիտասարդութիւնը սպասումներ ունի երէց սերունդէն, նոյնպէս երէց սերունդը սպասումներ ունի երիտասարդութենէն, ըսելիքներ ունի երիտասարդութեան։ Առաքեալը կը յորդորէ երիտասարդները՝ ըսելով Նոյնպէս ալ դուք, երիտասարդնե՛ր, հնազանդ եղէք ծերերուն... Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ (Ա. Պետրոս 5, 5-8)։ Այս օրերուն որքա՜ն սատանաներ, յաճախ գառնուկի մորթով, հոգեւոր պաճուճանքով ու հաճելի խօսքերով կը շրջին մեր երիտասարդներուն շուրջ ամէ՛ն տեղ ու ամէ՛ն վայրկեան...։ Հայ երիտասարդը պէտք է գիտնայ իր կեանքի յստակ ճամբան, որ կը յատկանշուի հետեւեալ հիմնական սկզբունքներով.



ա Հաւատարմութիւն։ Հայ երիտասարդութեան հաւատարմութիւնը իր արմատներուն էական է իր ինքնութեան առողջ պահպանման համար։ Որքան ալ ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհը փորձէ հայ երիտասարդին ինքնութիւնը ապականել, ան իր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ միշտ կառչած պէտք է մնայ իր իւրայատուկ ինքնութիւնը կազմաւորող արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, հոգեւոր ու բարոյական ըմբռնումներուն ու համոզումներուն։ Այսօրուան երիտասարդութիւնն է, որ իր ամուր հաւատարմութեամբ պիտի երաշխաւորէ հայ ժողովուրդի պայծառ ապագան։



բ Մասնակցութիւն։ Հաւատարմութիւն մեր ինքնութեան, կենթադրէ մասնակցութիւն մեր կեանքին։ Արդարեւ, ուր կազմակերպուած հաւաքական կեանք գոյութիւն ունի, հայ երիտասարդը իրաւունք չունի հեռու մնալու անկէ։ Ուր համախումբ կեանք չկայ, իր արմատներուն հաւատարիմ հայ երիտասարդը այլ միջոցներ պէտք է որոնէ հաղորդ դառնալու մեր ազգային կեանքի տագնապներուն ու պայքարին։ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ որքա՜ն կարիքը ունինք հայ երիտասարդութեան գործօն ու գիտակից մասնակցութեան, անոր ներուժին։



գ Վերանորոգում։ Մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցները, ներառեալ՝ եկեղեցին, անյետաձգելի կարիքը ունին վերակենսունակացման ու վերանորոգման։ Կարելի չէ անցեալէն ժառանգուած մտայնութեամբ գործել։ Կարելի չէ թանգարանի վերածել մեր կառոյցները։ Ներկայ ընկերութեան պահանջներուն հետ քայլ պահելը անհրաժեշտութիւն է, բնականաբար առանց հեռանալու մեր հիմնական արժէքներէն, մեր ինքնութենէն։ Հինը անտեսելը ճիշդ չէ, սակայն հինը վերանորոգելը հրամայական է։ Հո՛ս կը կայանայ ներկայ աշխարհի պայմաններուն ծանօթ ու տագնապներուն հաղորդ երիտասարդութեան եզակի նպաստը։



դ Տեսիլք։ Ազգեր ու կրօններ, կառոյցներ ու պետութիւններ կը ծաղկին ու կը յառաջդիմեն նպատակասլաց ծրագիրներով ու յառաջատեսիլ գործունէութեամբ։ Արդ, անհրաժեշտ է ունենալ ապագային բացուող ու մեզ ապագային տանող տեսիլք։ Անհրաժեշտ է որդեգրել նոր մտածելակերպ ու գործելակերպ՝ եթէ կուզենք աւելի կազմակերպ ու կենսունակ դարձնել մեր ազգն ու մեր եկեղեցին։ Նորարարութիւնը կը դառնայ ձեւական, երբ ան չէ զսպանակուած նոր տեսիլքով։ Ուրիշը կապկելը կը դառնայ վնասաբեր, երբ մե՛րը կորսնցնենք։ Ազգ. ընդհանուր ժողովին խօսք առնող երիտասարդ մը ըսաւ. Այն հաւաքականութեան մէջ, ուր չկայ անցեալի փորձառութիւն, ներկայի բարեկարգութիւն ու ապագայի կանխատեսութիւն, այնտեղ նահանջն ու պարտութիւնը անխուսափելի են։ Կեանքը դիտելու իր նոր մօտեցումներով, հարցերը քննելու ու արժեւորելու իր նոր մեթոտներով, երիտասարդութիւնը կոչուած է նոր աւիշ ներարկելու մեր կեանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.