2009-03-02 15:20:36

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հռոմ ժամանեց։


Երկուշաբթի 2 Մարտ 2009-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հռոմ ժամանեց։ Ամեն Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւոր զբաղումները պիտի ըլլան՝ հանդիպումներ կատարել Վատիկանեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու եւ Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսի եպիսկոպոսներուն հետ։ 11 մարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի վերադառնայ իր նստավայրը ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կընկերանան Արհի հայր Յովհաննէս Թէյրուզեան եւ հայր ՌաՖայէլ Մինասեան։










All the contents on this site are copyrighted ©.