2009-03-02 13:43:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ Աստուծոյ ժողովուրդը հայցելու հրեշտակներու միջամտութիւնը։


Կիրակի օրը Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը ըսաւ որ չանտեսեն հրեշտակները այլ ընդհակառակն յաճախ անոնց դիմեն ու անոնցբարեխօսութիւնը հայցեն։ Սրբազան հայրը, որ կը պատրասստուէր նոյն օրը հոգեւոր կրթութեան մտնել, Ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներէն խնդրեց որ չմոռնան հրեշտակները, ՜՜Այս էակները, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Աստուծմէ ղրկուած են, ձեզմէ կը խնդրեմ որ անոնց միջամտութիւնը հայցէք որպսզի անոնք հսկեն իմ վրաս ու իմ անմիջական գործակիցներուս վրայ։ Ապա մեկնաբանելով Մարկոսի աւետարանի այն համարները որ կը պատմեն Յիսուսի փորձութիւնները անապատին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ իր խօսքը կեդրոնացուց հրեշտակներու վրայ, որ հակապատկերն են խաւարի ոյժերուն` սատանային։ Խօսքը ուղղելով հաւատացեալներուն ան դարձեալ կոչ ըրաւ որ չանտեսեն Աստուծմէ ղրկուած հրեշտակները այլ ընդհակառակը միշտ անոնց միջամտութիւնը հայցեն։ Հրեշտակները նշան են Աստուծոյ ներկայութեան մեր մէջ։ Յաճախ անոնց դիմենք, որպէսզի ՜՜օգնեն մեզի յանձնառումով հետեւելու՝ Քրիստոսին, մեր Տիրոջ հետ նոյնանալու աստիճան՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.