2009-03-01 14:20:18

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, մարտ մէկ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Քառասնորդացի այս կիրակին, Յիսուս մեզ կը հրաւիր սրտի դարձի ու ապաշխարութեան եւ հաւատալ Աւետարանին։ Գիտնանք աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմութիւն տալով համապատասխանել այս հրաւէրին։ Հայցենք Աստուծոյ շնորհքը որպէսզի կարենանք փորձարկել աստուածային գթութիւնը ու օգնէ մեզի բարեփոխել մեր կեանքի ընթացքը ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ այս իրիկուն մէկ շաբաթուայ հոգեւոր կրթութիւնը կը սկսի իր անմիջական աշխատակիներու հետ եւ խնդրեց որ իրենց համար աղօթել։

Իսկ մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը կոչ ըրաւ գործա տէրերու ու կառավարութեան պատասխանատուներուն որպէսզի միասնաբար դիմագրաւեն աշխարհի ներկայ տնտեսական տագնապը նախընտրութիւն տալով բանւորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Յայտնենք թէ այսօր ս. Պետրոսի հրապարակը խռնուած էր հաւատացեալներով եկած իտալիոյ զանազան քաղաքներէն ու աշխարհի զանազան երկիրներէն.








All the contents on this site are copyrighted ©.