2009-03-01 14:22:22

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լուրեր հայ աշխարհէն

Նախագահ Սահակեան Արցախի Հարցի Լուծումը՝ Անկախութիւնը Կը Նկատէ

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի պետական համալսարանի ուսանողութեան հետ հանդիպման ընթացքին, Հինգշաբթի օրը, անդրադառնալով ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացին՝ յայտնած է ՜՜Մենք կողմնակից ենք հարցի խաղաղ կարգաւորմանը, բայց քանի դեռ Ատրպէյճանը յետ չի կանգնում իր ծայրայեղ եւ շատ դէպքերում հիստերիկ քաղաքականութիւնից, ապա շատ դժուար է ակնկալել խաղաղ կարգաւորում։ Հարցի Լուծումը՝ Անկախութիւնն է ՝՝ըսած է Սահակեան։



Վազգէն Սարգսեանի Յիշատակին Նուիրուած՝ Միջոցառումներ։

ԼՂՀ կառավարութիւնը Փետրուար 27ին որոշած է կազմակերպել յոբելենական ձեռնարկներ՝ նուիրուած Հայաստանի հանրապետութեան եւ Արցախի հերոս Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան 50ամեակին։ Հանդիսութիւններու կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ կառավարական յանձնախումբ մը՝ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի նախագահութեամբ։ Յիշատակի հանդիսութիւններ պիտի կայանան պաշտպանութեան բանակի զօրամասերուն, ուսումնական հաստատութիւններու եւ պետական-հասարակական տարբեր կառոյցներու մէջ, իսկ գլխաւոր միջոցառումները տեղի պիտի ունենան Մարտ 5ին, Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ։



Սումկայիթի ջարդը

Այս օրերուն կը նշուի Սումկայիթի ջարդը

Քսանմէկ տարի առաջ 27-29 փետրուար Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի հայութեան ջարդը։ Արդարեւ, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի վերամիացնելու Արցախի եւ հայրենի ժողովուրդին արդար- խաղաղ եւ քաղաքական դիմագիծով արտայայտուած պահանջատիրութիւնը իր դէմ գտաւ արդարութիւնը սպանդով եւ բռնի ուժով լռութեան մատնելու ազերի ամբոխին մոլուցքը։Պաքուի իշխանութիւններուն թոյլտուութեամբ, ազերի ամբոխը յարձակեցաւ Սումկայիծի հայկական թաղամասերուն վրայ եւ օր ցերեկով կազմակերպեց ջարդ, կողոպուտ եւ թալան։ Հակահայ խռովութիւնները սկսան, երբ շրջանին Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնին առջեւ տեղի ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի գծով հայութեան պահանջին դէմ բողոքի ցոյցեր։ Նոյն օրը քաղաքին մէջ տարածուեցան չափազանցուած լուրեր եւ զրոյցներ, իբր թէ Հայաստանի մէջ սպաննուած են բազմաթիւ ազրպէյճանցիներ։ Զայրացած ամբոխը փետրուար 27-ի գիշերը յարձակեցաւ հայոց խանութներուն վրայ, եւ կողոպեց ու այրեց զանոնք։ Փետրուար 28-ի առաւօտուն ամբոխը հաւաքուեցաւ Սումկայիթի կեդրոնական հրապարակը։ Ոստիկան ուժերը եւ Յատուկ Ջոկատը կը փորձեն ցրուել ժողովուրդը, բայց կը հանդիպին ժողովուրդի ընդդիմութեան եւ բիրերով ու քարերով յարձակումներուն։ Կարգ ու կանոն հաստատող ոստիկանական ուժերը եւ Յատուկ Ջոկատները, կը քաշուին քաղաքին Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնին շէնքը, շրջանին հայ ժողովուրդը անպաշտպան ձգելով ոճրագործներու վոհմակներուն առջեւ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.