2009-02-28 11:11:31

Մարտ մէկէն սկսեալ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մէկ շաբաթուայ հոգեւոր կրթութիւն պիտի կատարէ եւ որուն ընթացքին ոչ մէկ ունկնդրութիւն կը շնորհէ։

 


Մարտ 1-7 Սրբազան հայրը եւ իր անմիջական գործակիցները հոգեւոր կրթութիւն պիտի կատարեն։ Այս տարուայ՝ ( 2009-ի) քարոզիչն է կարտինալ Առինձէ, երբեմնի կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի ու խորհրուրդներու մատակարարման ժողովին։ Հոգեւոր կրթութեան նիւթն է. ՜՜Քահանան կը հանդիպի Յիսուսին ու անոր կը հետեւի՝՝։ Այս բոլոր շաբաթուան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը առանձնական կամ հրապարակային ոչ մէկ ունկնդրութիւն կը շնորհէ ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։ Կարտինալ Առինձէ, օրական երկու խորհրդածութիւն պիտի կատարէ մէկը առաւօտուն իսկ երկրորդը յետմիջօրէին, Փրկչին Մայրը նուիրուած մատրան մէջ։ Հոգեւոր կրթութեան մասնակցողները միասնաբար երեկոյեան ժամասացութիւն եւ Ս. Հաղորդութեան երկրպագութիւն կը կատարեն։ Շաբաթ օրը մարտ 7-ի առաւօտը հոգեւոր կրթութիւնը վերջ կը գտնէ առաւօտեան ժամասացութեամբ եւ Սրբազան Քահայանապետի մէկ խորհրդածութեամբ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի մարտ ամսուայ աղօթքի ընդհանուր եւ միսիոնարական դիտաւորութիւնները

Որպէս աղօթքի ընդհանուր դիտաւորութիւն՝ Սրբազան Քահայանապետը կը հրաւիրէ Աստուծոյ ժողովուրդը աղօթելու կնոջ արժանաւորութեան համար, որպէսզի կիներու դերը աւելի գնահատուի ու արժեւորուի աշխարհի բոլոր ազգերու մօտ։

Իսկ որպէս միսիոնարական դիտաւորութիւն՝ Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ աղօթել Չինաստանի Եկեղեցւոյ միութեան համար, որպէսզի կղերն ու հաւատացեալները դառնան նշան ու միջոցառում միութեան, հաղորդութեան ու խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.