2009-02-27 12:55:41

Լուրեր հայ աշխարհէն

Երեւանի մէջ բացում՝ Չինական Լեզուաբանական Եւ Մշակութային Հիմնարկին


Երեւանի Վալերի Պրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանի մէջ 25 Փետրուարին բացուած է Չինաստանի Շանսի համալսարանի Քոնֆուցիուս հիմնարկը, որուն գործունէութեան նպատակն է չինական մշակոյթն ու լեզուն զարգացած սարքաւորումներով ճանաչելի դարձնել նաեւ Հայաստանի ուսանողութեան, ինչպէս նաեւ ոեւէ քաղաքացիի՝ սկսած 9 տարեկանէն մինչեւ մեծահասակներ։

Հիմնարկի գործունէութեան առնչութեամբ պայմանագիր կնքուած էր Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Սուրէն Զոլեանի ու Շանսի համալսարանի ղեկավար Կիուօ Շարչուի միջեւ։ Կեդրոնի հիմնադրութիւնը եւ ուսանողներու փոխանակումները կատարուած են իբրեւ գործադրում Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ կնքուած 10ամեայ կրթական միջպետական ծրագիրին ըսած է նոր հիմնարկի հայաստանեան տնօրէնը՝ Գաբրիէլ Բալայեան։



Բժիշկներ Առանց Սահմանի Կազմակերպութեան Գործունէութիւնը

Յունաստան

Գոքինիոյ Զաւարեան ակումբի Զաքարեան-Սարաճեան սրահներէն ներս, Հայ կապոյտ խաչի Սօսէ մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է Բժիշկներ առանց սահմանի կազմակերպութեան նուիրուած ձեռնարկ մը՝ Հայաստանեան ծրագիրի ամբողջացման առիթով։

Օրուան հանդիսավարն էր Վիքթորիա Մաւուշեան, ան ներկայացնելէ ետք ՜՜ Բժիշկներ առանց սահմանի կազմակերպութեան եւ Հայ կապոյտ խաչի գործունէութեան ծիրը՝՝ նշած է յատկապէս իրենց բարեսիրական աշխատանքներուն կարեւորութիւնը։ Ապա, հրաւիրած է Տոքթ Աբոսթոլոս Վէյիզիսը, որ իր կարգին ներկայացուցած է հաստատութեան գործունէութիւնը՝ հիմնադրութենէն մինչեւ օրս. իսկ Տոքթ Եորղոս Գարայեանիս, որ Հայաստանի ծրագիրի պատասխանատուն է. մանրամասն ձեւով բացատրած է Հայաստանի մէջ եւ յատկապէս Գիւմրիի մէջ կատարուած ծրագիրը, որ կը վերաբերէր սեռային փոխանցմամբ վարակիչ հիւանդութիւններու։ Նաեւ ցուցադրուած է տեսաերիզ մը որ կը ներկայացնէր կազմակերպութեան տարած աշխատանքը զանազան երկիրներէ ներս։ Հուսկ առ ի երախտագիտութիւն՝ Հայ կապոյտ խաչի ատենապետուհի՝ Սեդա Յովակիմեանին եւ երկու զեկուցաբերներուն յանձնուած է Վանկելի Խաչատուրեանի՝ Արմենիա ալպոմը։



Հռոմ- Տիկ. Անթօնիա Ասլան Լեւոնեան Վարժարանի մէջ

Ներկայացում՝ Վահագն Գրիգորեանի իտալերէնի թարգմանուած`Ոստանի վերջին ճամբորդութիւնը վէպին

Չորեքշաբթի 25 Փետրուար 2009-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքի դահլիճին մէջ Հռոմահայերն ու իտալացի բարեկամներ կը սպասէին Տիկ. Անթօնիա Ասլանի ժամանումին (ինչպէս գիտենք) Տիկ. Ասլան հեղինակն է Արտոյտներու ագարակը վէպին, որ նկարահանուեցաւ Թավիանի եղբայրներու կողմէ եւ միջազգային մրցանակներու արժանացաւ։ Տիկին Անթօնիայի գալուստը ողջունուեցաւ որոտընդոստ ծափերով։ Միջոցառումը կազմակերպուած էր Հռոմի եւ Լացիոյի Հայերու Միութենէն, որուն նախագահուհին` Տիկ. Ռիթա Փապիս կատարեց բացման խօսքը, յետ Լեւոնեան Դպրեվանքի մեծաւոր հօր` Հայր Յովսէփ Ծ. Վ. Քէլէկեանի կողմէ ուղղուած բարի գալստեան խօսքին։ Ապա խօսք առաւ Ռաֆայէլ Աուֆիէրի, որ հեղինակն է ուրիշ մէկ վէպի մը, Գասպար` արքայ Աստուծոյ, որ զուգահերաբար Վահագն Գրիգորեանի Ոստանի վերջին ճամբորդութիւնը վէպին` թարգմանուած է իտալերէնէ հայերէնի։ Ան վեր առաւ այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը եւ յայտաբերեց թէ ինք այս ճամբով է որ ճանչցաւ Հայ ազգը եւ մշակոյթը, զոր մեծապէս կը գնահատէ այժմ։

Խօսքը տրուեցաւ Անթօնիա Ասլանի, որ մեծ հմտութեամբ բաղդատականը կատարեց երկու վէպերուն միջեւ եւ վեր հանեց անոնց նմանութիւնները, մանաւանդ թէ երկուքն ալ Ճամբորդութիւնը որպէս գլխաւոր առանցքը կը նկատեն վէպին։ Գասպար մոգը մօտ է մանաւանդ Հայերու սրտին, քանի հայկական ոչ կանոնական հին աւետարան մըն է որ կը խօսի երեք մոգերու մասին աւելի մանրամասն կերպով եւ ընդարձակօրէն, տալով անոնց անունները` Մելքոն, Գասպար Պաղտասար։

Ի վերջոյ խօսք առաւ Պր. Մարքօ Պայս, որ գրաբար լեզուի դասատու է Հռոմի Քահանայապետական Արեւելեան Կաճառին մէջ։ Ինք նաեւ` որպէս մասնագէտ հայոց պատմութեան եւ հայ արդի հեղինակներու, դրուատեց այս երկուստեք կատարուած մշակութային նախաձեռնութիւնը եւ քաջալերեց որ ուրիշ նման ձեռնարկներ տեղի ունենան մօտալուտ ապագային։

Ընդմէջ բանախօսներու կատարած միջամտութիւններուն, Պարոն Էնցօ շատ արտայայտիչ կերպով կարդաց մի քանի կտորներ երկու վէպերէն քաղուած։

Երեկոյթը վերջացաւ հաճելի մթնոլորտի մէջ` ճոխ հիւրասիրութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.