2009-02-26 14:27:32

Ճաշկերոյթ Լեւոնեան Վարժարանի մէջ

Ի պատիւ Հայաստանէն Ժամանած պատուիրակութեան

Գլխաւորութեամբ Պր. Արթուր Պաղտասարեանի

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Քարտուղար


Երեքշաբթի 24 Փետրուար 2009-ին, Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարան կը ժամանէր Պր. Արթուր Պաղտասարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի Քարտուղարը, իր տիկնոջ հետ. Իրեն կ՛ընկերանար մօտ 10 հոգինոց պատուիրակութիւն մը, որոնց մէջ կը գտնուէին Կիւմրի քաղաքի փոխ-քաղաքապետը` Պր. Գագիկ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ Պր. Գրիգոր Պոշեան, Գաւառ քաղաքի փոխ քաղաքապետը։ Այս երկու անձնաւորութիւնները եկած էին կնքելու համար բարեկամական եւ այլ համաձայնութիւններ Իտալիոյ երկու քաղաքներու հետ, որպէս քոյր քաղաքներ. Մին Նարտօ քաղաքը` Կիւմրիի հետ, իսկ միւսը` Չիթթա տել Քասթելլօ, Գաւառի հետ։

Պատուիրակութիւնը դպրոց ժամանեց երեկոյեան ժամը 7,30-ին. Իրենց կ՛ընկերանային Պր. Տիգրան Սամվելեան, գործակատար Հայաստանի դեսպանատան եւ Օր. Վալենթինա Քարախանեան, իր քարտուղարը։ Զիրենք ընդունեցան Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ` Վարժարանի Մեծաւորը` Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Քէլէկեան, փոխ մեծաւորը` Հայր Թովմաս Կարապետեան եւ Պէյրութէն ժամանած` Գերյ. Գէորգ Ծ. Վ. Եղիայեան։

Նախ եւ առաջ` հիւրերը այցելեցին Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնը, որուն բացումը պիտի կատարուի մօտօրէն, առաջնորդութեամբ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի նախագահ` Սարկ. Միքայէլ Ժանժիի եւ փոխ-նախագահ` Պր` Ռօպէր Աթթարեանի. Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնի մօտալուտ բացման ու գործունէութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց տիկ. Սոնիա Ժանժի Նիւրփէթլիան, յեշելով Տիար Պաղտասարեանի Ա. այցելութիւնը Հռոմ եւ հանդիպումը հռոմահայերու ու հայ երիտասարդներուն հետ, ցոյց տալով նաեւ' Աղթամար հայ երիտասարդներու երկլեզու պարբերաթերթը, ուր յիշուած էր սոյն հանդիպումին մասին՝՝լուրը։ Ապա հայրենի պատուիրակութեան անդամները կարճ այցելութիւն մը կատարեցին Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ, որ բոլորին հիացման առարկայ եղաւ, որմէ ետք` հիւրերը առաջնորդուեցան Դպրեվանքի Ճաշասրահը, ուր վանատան մէջ պաշտօնավարող Լեհ քոյրերը պատրաստած էին համադամ ճաշեր։

Պր. Պաղտասարեան իր բաժակը բարձրացուց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին կողմէ այս ընդունելութեան համար։ Ըսաւ թէ ՜՜ ինք նախապէս արդէն այցելած էր Լեւոնեան Վարժարանը եւ միշտ հաճոյքով կը վերայցելէ այս դարաւոր հաստատութեան որ հայ մշակոյթի եւ հոգեւորականութեան կեդրոն մըն է Հռոմի մէջ՝՝։

Ճաշի ընթացքին` խօսք առաւ Մեծաւոր Հայրը, յայտարարելով թէ դպրոցի դռները բաց եղած միշտ ամէն մի հայի առջեւ եւ մենք այսօր պատիւ ունինք հիւրընկալելու պետական մակարդակի մարդիկ. Ապա աշակերտները ազգային երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը եւ խանդավառեցին ներկաները։

Վերջաւորութեան խօսք առաւ Պր. Ռօպէր Աթթարեան, փոխ-նախագահ Հռոմի հայ համայնքի եւ համառօտիւ պատմականը ըրաւ դպրոցի դարաւոր ներկայութեան եւ գործունէութիւններուն ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդի բազմազան գործունէութիւններուն մասին ։

Ճաշէն ետք` բոլոր ներկաները ուղղուեցան դպրեվանքի փառահեղ դահլիճը, ուր շարունակուեցան խօսակցութիւնները աւելի մտերմիկ շրջանակի մէջ, սուրճի մը շուրջ։ Երեկոյեան ժամը 10-ն էր երբ հիւրերը մեկնեցան Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանէն, լի քաղցր յիշատակներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.