2009-02-26 14:27:46

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայ գաղթօճախներու մէջ մշակոյթի գործիչներ պարգեւատրուած Հ Հ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի կողմէ


Մայրենի լեզուի օրուան առիթով Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 փետրուարին հրապարակած իր հրամանագիրով, հայ գաղթօճախներուն մէջ երկարամեայ հայապահպանման գործունէութեան համար նախագահական շնորհակալագիրով պարգեւատրեց պատմագէտ, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ ու Ազդակ թերթի նախկին տնօրէնը Երուանդ Փամպուքեան, Միշիկընի համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր Գէորգ Պարտաքճեան, Փարիզի Մաշտոց միութեան հիմնադիր-նախագահ ու Սորպոնի համալսարանի դասախօս՝ Հիլտա Գալֆայեան - Փանոսեան եւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան կից հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Իրինա Տարօնացին։



Յովհաննէս Թումանեանի 140 ամեակին առթիւ ամենայն հայոց բանաստեղծին նուիրուած է վերնատուն մը...

19 փետրուար 2009-ին Հիւսիսային համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Յ Թումանեանի ծննդեան 140-ամեակը, այս առթիւ նաեւ՝ անոր նուիրուած վերնատան բացումը՝ մասնակցութեամբ համալսարանի նախագահ Պորիս Մակիչեանի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սպարտակ Սէյրանեանի, Լոռուայ ձոր հայրենակցական միութեան նախագահ Սերգօ Երիցեանի, նաեւ՝ ժամանակակից գրողներու, գրականագէտներու, հասարակական գործիչներու եւ ուսանողներու։ Վերնատունը՝ պիտի ըլլայ թումանեանագիտական կեդրոն մը, ուր ուսանողները իրենց հետազօտութիւնները, մշակումներն ու վերլուծումները պիտի կատարեն։ Թումանեանագէտ Սուսաննա Յովհաննիսեան խօսելով կեդրոնին մասին ըսաւ թէ հայ մեծ բանաստեղծին անուան կեդրոնին գաղափարը յղացած է բանաստեղծի թոռնուհին՝ Իրմա Սաֆրազբեկեան, որ Գերմանիա կը գտնուի։ Ան շնորհաւորական ուղերձ յղած է իր մեծ հօր անուան կեդրոնի բացման առիթով։ Այս յոբելենական օրուան առիթով Աշխէն Թումանեան երեւանեան վերնատան թումանեանագէտ Էդուարդ Ջրբաշեանի թումանեանագիտական բոլոր աշխատութիւնները եւ մենագրութիւնները նուիրած է։ Լոռուայ ձոր հայրենակցական միութեան նախագահ Սերգօ Երիցեան կեդրոնին նուիրեց Թումանեանի գիտական հրատարակութեան 10 հատորեակը։ Սուսաննա Յովհաննիսեանը յոյս յայտնեց, թէ ժամանակի ընթացքին Վերնատան մասունքները կաւելնան, մանաւանդ որ բանաստեղծի թոռնուհին խոստացած է Թումանեանի անձնական իրերէն նուիրել կեդրոնին։ Մթնոլորտը թումանեանականացած էր շնորհիւ Թումանեանին Լոռուայ բնութիւնը պատկերող գեղանկարներուն, իսկ որպէսզի մթնոլորտը ա՛լ աւելի ազդեցիկ դառնայ, կազմակերպիչները նաեւ պատուիրած են կահոյք մը, որ Թիֆլիսի մէջ Թումանեանի օգտագործած կահոյքին կը նմանի։








All the contents on this site are copyrighted ©.