2009-02-25 14:57:36

Լուրեր հայ աշխարհէն

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպանը


Երեքշաբթի, 24 փետրուար 2009-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց ամեն եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպանը՝ տոքթ Էւա Մարիա Զիկլըր։ Հանդիպման ներկայ եղան պատրիարքական փոխանորդ արհի Հ Վարդան եպս Աշգարեան եւ Ս Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ Վարդան վրդ Գազանճեան։

Ծանօթացման այս հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան պատմական, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներուն։ Այս առթիւ ամեն. հոգեւոր տէրը, նաեւ լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Զմմառու դարաւոր վանքին, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ լիբանանահայ կաթողիկէ համայնքին մասին։ Իր կարգին, դեսպանը խօսեցաւ տարիներ առաջ իր տուած այցելութեան մասին պատմական Հայաստան եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ հայ ժողովուրդին մասին։ Քննարկուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու գոյատեւման հարցը՝ անդրադառնալով քրիստոնեաներու դիմագրաւած տարբեր խոչընդոտներուն, որոնք կը սպառնան շրջանին մէջ անոնց գոյութեան եւ կը մղեն գաղթի դիմելու։ Այս գծով հոգեւոր տէրը իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները պարզեց՝ շեշտելով, որ Լիբանան կը յատկանշուի իր բազմազանութեամբ, ինչ որ կը հարստացնէ երկիրը եւ անոր մշակոյթը։

Ամեն հոգեւոր տէրը հանդիպման աւարտին շնորհաւորեց նոր նշանակուած դեսպանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ հրաւիրելով զայն այցելելու Զմմառու դարաւոր վանքը։



ՀՀ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը Արթիւր Պաղտասարեան շարք մը հանդիպումներ ունեցած է Իտալիոյ մէջ

Իտալիոյ եւրահամայնքային քաղաքականութեան նախարար՝ Անտրէա Ռոնքի Եւրամիութիւն-Իտալիա համագործակցութիւնը համակարգող նախարարը բարձր գնահատած է Հայաստան- Եւրամիութիւն 2009-2011 թուականներու գործողութիւններու ծրագիրը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած՝ աջակցելու Հայաստան իրականացուող բարեփոխումներուն։ Համաձայնութիւն կայացած է նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան՝ յառաջիկայ ամրան Հայաստան կատարելիք այցի ընթացքին քննարկել համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան դրական ձեւերն ու մեթոտները։

Արթուր Բաղդասարեան Իտալիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ հայ-իտալական յարաբերութիւնները նոր փուլ թեւակոխած են։ Այցի ընթացքին Իտալիոյ տարբեր պաշտօնեաներու հետ հանդիպումները’ ՜՜կառուցողական եւ գործնական՝՝ եղած են։





Ոչ եւս է հայազգի գրող Զուլալ Գազանճեան

Խոր ցաւով իմացանք սփիւռքահայ գրող մտաւորական եւ գրաբարի հմուտ Զուլալ Գազանճեանի մահուան լուրը որ տեղի ունեցած է, երէկ, Ֆրանսայի մէջ ։

Ողբացեալը Մուսատաղցի էր, ծնած՝ 1939-ին, տեղահանումէն ետք իր ծնողներուն հետ անցած է Այնճար (լիբանանի մէջ) եւ ապա Հալէպ (Սուրիա)։

Որմէ ետք 1949-ին Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքը կ՝անցնի (Սուրբ Ղազար կղզին) Մխիթարեան հայրերու մօտ ուսում ստանալու համար.

Ան հետեւած է իր հօր ուղիին որ եղած էր Մուսա Տաղի Ա. պարբերաթերբի ՜՜Կոկոն՝՝ի հրատարակիչը։ Զբաղած է ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով Հալէպի հայկական վարժարաններու, նաեւ Հալէպի Մխիթարեան հայրերու վարժարանին մէջ, որմէ ետք ալ ֆրանսա՝ ՜՜Սէվրի Սամուէլ Մուրատ՝՝ վարժարանին մէջ։ Աշխատակցած է բազմաթիւ հայկական թերթերու հետ ինչպէս ՜՜Յառաջ՝՝ ու ՜՜Բագին՝՝ եւ աւելի ուշ՝ ան ուշադրութիւնը գրաւած է Հայաստանի ՜՜Գարուն՝՝ ամսաթերթին։

Զուլալ Գազանճեանի լուսաքերթուածները.

՜՜1950-ական թուականներու երկրորդ կիսուն իր գրական նախափորձերը կատարած, 1964-ին Փարիզի մէջ հրատարակուած Կեանքը - քոյրս անուն երախայրիքով սփիւռքահայ քերթողութեան անդաստանէն ներս մուտք գործած Զուլալ Գազանճեան արդէն վեց քերթողագիրքերու հեղինակ է եւ խմբագիրը Հատընտիր հայ հին բանաստեղծութեան խորագրեալ երկհատոր ծաղկաքաղին։ Քանի մը ամիս առաջ Քերթուածներ անունով լոյսին եկած Զուլալ Գազանճեանի բանաստեղծական վեցերորդ հատորը կարելի է նկատել հեղինակին ամբողջական երկերու ժողովածուն, որովհետեւ մէկ ընդհանուր անուան տակ ի մի կը խմբէ բանաստեղծին իրերայաջորդ չորս տաղարաններուն՝ Կեանքը – քոյրս գործին 1964 ին, Արեւծաղկի մը նմանին 1975 ին, Շարունակելիի 1988 ին եւ Նորատուզի 1996 ին, ազատ եւ արձակ բանաստեղծութիւնները։









 





























 








All the contents on this site are copyrighted ©.