2009-02-25 12:41:10

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երկուշաբթի օր Գահիրէի մէջ հանդիպած է Եգիպտոսի վարչապետ Ահմետ Նազիֆի հետ։ Հանդիպման ընթացքին ան ըսած է, որ Հայաստան հետաքրքրուած է Եգիպտոսի հետ երկկողմանի համագործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու եւ խորացնելու հարցով։ Իսկ Եգիպտոսի վարչապետը ըսած է, թէ Եգիպտոսի ժողովուրդը եւ անձամբ ինք ամէնէն ջերմ զգացումներն ու համակրանքը ունին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Ան հայ-եգիպտական բարեկամութեան վառ վկայութիւն նկատած է եգիպտահայ համայնքի աշխուժ դերակատարութիւնն ու մասնակցութիւնը երկրի կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ։ Նոյն օրը Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հանդիպման ընթացքին քննարկուած է տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան հետ կապուած հարցերու լայն շրջանակ մը։Երէկ Էդուարդ Նալբանդեան Յորդանան մեկնած է։



Երէկ կայացած է՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Պիելոռուսիոյ Ազգային ժողովի համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի 3-րդ նիստը, Մինսքի մէջ։ Այդ նպատակով եռօրեայ այցելութեամբ Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք մեկնած էր Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը՝ խորհրդարանի նախագահի տեղակալ, յանձնախումբի հայկական կողմի համանախագահ Հրայր Կարապետեանի գխաւորութեամբ։ Նիստին նախորդած են պատուիրակութեան հանդիպումները Պիելոռուսիոյ Ազգային ժողովի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Վլատիմիր Անտրէյչենքոյի եւ Հանրապետութեան խորհուրդի նախագահ Պորիս Պաթուրայի հետ։ Պատուիրակութեան ունեցած հանդիպումներուն եւ նիստի աշխատանքներուն կը մասնակցէր Պիելոռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեան։



Յունահայութեան ամէնօրեայ կեանքի ազգային ու հասարակական բաբախուն իրականութեան հայադրոշմ հայելին ԱԶԱՏ ՕՐը կը բոլորէ իր 65տարիները։ Ազատ Օր-ի 65ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Մարտ 15-ին՝Աթէնքի Ռազմական Թանգարանին մէջ.։ Այս առթիւ մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները թերթի պատասխանատուներուն ու բոլոր անձնակազմին։



Պոլսոյ Էտիրնէգաբու շրջանի հայկական Գերեզմանատան վարչութեան նախագահ Ռոմանոս Ճէզվէճեան կը յայտնէ, թէ 2008ի Հոկտեմբերի վերջին օրերուն անծանօթ մը կամ անծանօթներ մտնելով Էտիրնէգաբուի Գերեզմանատունէն ներս՝ խորտակած էին Գերեզմանատան 12 դամբանաքարերը, եւ Պոլսոյ քաղաքապետութեան գերեզմանատուներու տնօրէնութիւնը աւելի վերջ նորոգած ու նոյնութեամբ վերականգնած էր զանոնք։ Սակայն նորոգութենէն ընդամէնը 20-25 օր ետք, երկրորդ յարձակում մը տեղի ունեցած է Գերեզմանատան վրայ։ Արդարեւ, Փետրուար 22ին յայտնի դարձած է, որ գերեզմանատունէն ներս դամբանաքար մը խորտակուած, իսկ 8 գերեզմանաքարեր տապալած էին։ Գերեզմանատան վարչութիւնը դէպքին առիթով բողոք ներկայացուցած է շրջանի ոստիկանատան։ 23 Փետրուարին, Գերեզմանատան պատասխանատուները դարձեալ այցելած են գերեզմանատուներու տնօրէնութեան եւ պատահարին մասին տեղեակ պահած են ղեկավարները։ Գերեզմանատան տնօրէնութիւնը խոստացած է դարձեալ վերականգնել տապալած ու խորտակուած գերեզմանաքարերը ու նաեւ ապահովութեան համար բարձր ցանցերով պաշտպանել Գերեզմանատունը, պաշտօնի կոչելով միաժամանակ գիշերապահներ, հսկողութեան համար։



ՌԱՔԵԼ ՏԻՆՔ-Ի այցելութիւնը Լիբանան։ Հինգշաբթի 19 Փետրուարին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնին մէջ միութեան հրաւէրով Պոլսոյ ՝՝Ակօս՝՝ երկլեզու շաբաթաթերթի նահատակ խմբագիր Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք Լիբանան իր այցելութեան առիթով տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն հրաւիրուած էին լիբանանահայ մամլոյ ներկայացուցիչները՝ նկատի ունենալով Հրանդ Տինքի մամլոյ գործիչ ըլլալու հանգամանքը։ Ռաքել Տինք այդ առթիւ խօսեցաւ Հրանդ Տինքի անուան միջազգային հիմնարկին մասին, որուն ճամբով ծրագիրներ կը մշակուին ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւն ստեղծելու համար։ Այդ ծրագիրներուն շարքին են խորհրդաժողովներ, որոնց առաջինը, (որ Ատանայի եւ անոր մերձակայ գիւղերուն նուիրուած էր) արդէն իսկ այս տարի տեղի ունեցած է, իսկ յառաջիկայ տարի պիտի կազմակերպուի նոյնանման խորհրդաժողով մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Այնթէպի եւ անոր մերձակայքին։ Ռաքել Տինք ներկաներուն նաեւ ըսաւ, թէ 2010-ին Եւրոպական Միութեան կողմէ Պոլսոյ միջազգային քաղաք հռչակման ծիրին մէջ Եւրոպական Միութիւնը որդեգրած է Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին ներկայացուցած՝ ՝՝մամլոյ գրութեանց ճամբով ատելութեան սերմանման երեւոյթները պարզող՝՝ մէկ ծրագիրը։ Նշենք որ վերջերս Հրանդ Տինքի այրին Պուէնօս Այրէսի մէջ եւս խօսած էր սոյն աշխատանքներու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.