2009-02-24 13:13:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը ի լուր վիէթնամցի կարտինալ ֆամ Տին Թունկին` ։


Հանգուցեալ կարտինալը եղաւ մեծ հովիւ մը, որ մեծ քաջութեամբ ու հաւատարմութեամբ ծառայեց Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ հակառակ քաղաքական դժուար պայմաններուն, (կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր ցաւակացական հեռագիրին մէջ) վեր առնելով Հանոյի առաջնորդին անվերապահ նուիրումը Եկեղեցւոյ։ Կարտինալը Թունկ վախճանեցաւ 90 տարեկանին։ Նորին Սրբութիւնը իր ցաւակցական հեռագիրին մէջ կը միանայ Վիէթնամի կաթողիկէ համայնքի ցաւին եւ կ՛աղօթէ Վիէթնամի հանգուցեալ ծիրանաւորին ընտանեկան պարագաներուն ու հաւատացեալներուն համար, խնդրելով Աստուծմէ որ իր Արքայութեան մէջ ընդունի իր հաւատարիմ ծառան։



Քահայանապետական անուանում։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Թիմոթի Մայքըլ Տոլան որպէս նոր առաջնորդը Նիւ Եորք թեմին։ Նիւ Եորքի նոր առաջնորդը 59 տարեկան է, ան իր աստուածաբանական ուսումը կատարած է Հռոմի Անճելիքում քահանայապետական համալսարանը եւ մասնագէտ է Եկեղեցւոյ պատմութեան։ գերապայծառ Թիմոթի Մայքըլ Տոլան կը յաջորդէ կարտինալ Էտուար Էկանի, որ յառաջացած տարիքի բերումով իր հրաժարականը ներկայացուցած է։ Նիւ Եորքի նոր առաջնորդը ծնած է ԱՄՆի Սան Լուի քաղաքը, ուր քահանայ ձեռնադրուած ու նաեւ եպիսկոպոս եղած է։ 1994-2001 ան եղած է մեծաւորը՝ Հռոմի ամերիկեան քահանայապետական դպրեվանքին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.