2009-02-24 13:21:01

Լուրեր հայ աշխարհէն

Երեւանի մէջ Սփիւռքի Նախարարութեան Ատեանի Անդրանիկ Նիստը


Հայաստանի կառավարութիւնը 2008ի Դեկտեմբեր 25ին որոշում կայացուցած էր ստեղծելու՝ սփիւռքի նախարարութեան առընթեր ատեան մը՝ բաղկացած 36 անդամներէ, որոնց մէջ ընդգրկուած են հեղինակաւոր դէմքեր հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն, որպէսզի համադրեն ՜՜նախարարութեան գործունէութեան ռազմավարութիւնը ծրագրաւորելու, նախարարութեան քաղաքական որոշումներու կայացման մասնակցելու, ձեռնարկներ եւ այլ տեսակի գործընթացներ՝՝։ Ատեանը կարելիութիւն պիտի ստեղծէ աշխարհի բոլոր անկիւնները գտնուող հայերու խնդիրներն ու հոգերը համատեղ քննարկելու եւ լուծումներ գտնելու։ Սփիւռքահայ 8 անդամներէն մէկն է Յարութ Սասունեան՝ գործադիր տնօրէնը Լինսի հիմնադրամի ։ Փետրուար 20ին Ատեանը գումարեց իր անդրանիկ նիստը։ Բացակայ անդամները իրենց մասնակցութիւնը բերին համացանցի կապի միջոցով։ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը տեղեկացուց, որ նիստին օրակարգի հարցերը բացականերուն փոխանցուած էին ելեկտրոնային առաքման (e-mail)ի միջոցով, նիստէն 5 օր առաջ, ստանալով անոնց համաձայնութիւնը եւ առաջարկները՝ քննարկուելիք հարցերուն շուրջ, որոնք ունէին գլխաւորաբար կազմակերպչական բնոյթ ։

Օրակարգի դրուեցաւ նաեւ 2009ի միջոցառումներուն շարքը, նշելով, թէ յաջռաջիկայ Ապրիլ 21-22ին պիտի գումարուի Ճարտարապետներու համահայկական համաժողովը։



Զանգակ-97 Հրատարակչութեան ՜՜Համագործակցութեան Հրաւէրը՝՝ Մանկագիրներուն

Հաղորգարութեամբ մը Զանգակ-97 Հրատարակչութիւնը հրաւէր ուղղած է

Հայաստանի հրատարակչական դաշտին ու հեղինակներուն համագործակցելու։ ՜՜Զանգակ97 հրատարակչութիւնը (կը կարդանք հաղորդագրութեան մէջ) նախաձեռնում է մանկական գրականութեան զարգացման ծրագիր։ Դրա շրջանակներում մասնաւորապէս ծրագրւում է ստեղծել մանկական ստեղծագործութիւնների ժողովածուներ տարիքային հետեւեալ խմբերի համար՝ 1-5 տարեկան, 6-10 տարեկան, 11-14 տարեկան։

Պատկերազարդ այդ գրքերում ընդգրկուելու են թէ՛ դասական, թէ՛ ժամանակակից հեղինակների տարատեսակ ստեղծագործութիւններ (բանաստեղծութիւն, հեքիաթ, պատմուածք, առակ, հանելուկ եւ այլն)։ Մեր նպատակն է հայ դասականների կողքին ճանաչելի դարձնել նաեւ Հայաստանում եւ Սփիւռքում ապրող ու ստեղծագործող տաղանդաշատ մանկագիրներին։








All the contents on this site are copyrighted ©.