2009-02-24 12:54:30

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը Հայաստան կը ժամանէ Վրաստանի Խորհրդարանի Նախագահ Դաւիթ Պաքրածէի գլխաւորած Պատուիրակութիւնը։ Այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ՝ Նախագահ Սարգեսանի,Ազգային Ժողովի նախագահ Աբրահամեանի,վարչապետ Տիգրան Սարգեսանի ու Ամենայն հայոց Գարեգին Բ.Կաթողիկոսի հետ։Վրաստանի Պատուիրակութիւնը ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ Մեծ Եղեռնի Զոհերու Յուշահամալիրին մէջ՝ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան Զոհերուն։



21 փետրուարին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախագահած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ։Քննարկուած են Հայաստանի նախազօրակոչային, զօրակոչային տարիքի անձերու եւ պահեստազօրայիններու զինուորական հաշուառման, զօրակոչի նախապատրաստման եւ կայացման գործընթացներու բարելաւման, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ պետական ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու փոխադարձ գործակցութեան կարգաւորումի վերաբերող հարցեր։



Երէկ տեղեկացուցած էինք, որ այսօր, երեկոյեան ժամը 8։00-ին,(Պէյրութ) Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենար ժողովրդային հանդիպում՝ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Նախարար Նալբանդեանի աշխատանքային խճողուած ժամանակացոյցին պատճառով ծրագրուած ժողովրդային հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ։



Ալպանիան արտօնութիւն տուած է Քոսովոյի-ն (որ դէպի ծով ելք չունի) օգտագործելու Շէնկինի նաւահանգիստը։ Այս յայտարարութիւնը կատարեց Ալպանիոյ վարչապետ Սալի Պերիշա, Քոսովոյի փոխադրութեան նախարար Ֆ. Լիմայի հետ իր հանդիպումէն ետք։ ՝՝Քոսովօ եւ Ալպանիա պէտք է համագործակցին, երկու երկիրներու քաղաքացիներու կեանքի պայմանները բարելաւելու համար՝՝ դիտել տուած է Պերիշա(նշենք որ Քովսովոյի բնակչութեան մեծամասնութիւնը Ալպանացի է)։



Հայազգի տաղանդաւոր երիտասարդներ կը մասնակցին Թեսաղոնիկէի Պետական Նուագախումբի 50-ամեայ յոբելենականին։ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ- Այս Ուրբաթ օր, Փետրուար 27ին Թեսաղոնիկէի Համերգասրահէն ներս, փառաւոր երեկոյ մը տեղի պիտի ունենայ, Թեսաղոնիկէի Պետական Նուագախումբի յոբելենական 50-ամեայ տարեդարձը նշելու համար (1959-2009)։ Այս առիթով կազմակերպուած համերգին ելոյթ պիտի ունենան հայազգի տաղանդաւոր արուեստագէտներ՝ Նուարդ Ղալիլէա (սրինգ) եւ Խրիսթոս Ղալիլէաս (ջութակ)։ Նուագախումբը պիտի ղեկավարէ Միրոնաս Միխայիլիտիս եւ ելոյթը պիտի վարէ Ալեքսիս Գոսթալաս։



ԵՐԵՒԱՆ - Արուեստի ու Գրականութեան բնագաւառին մէջ, Հայաստանի հանրապետութեան մատուցուած բազմամեայ ծառայութիւններուն ու նաեւ ստեղծագործական գործունէութեան համար, այս տարուընէ սկսեալ, Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութիւնը սահմանած է Արուեստներու Երախտաւոր բարձրագոյն տիտղոսը։ Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի հրամանով, տիտղոսը շնորհուած է 8 արուեստագէտներու։Այսպէս Փետրուար 23ին, Արուեստներու երախտաւոր բարձրագոյն տիտղոսը յանձնուեցաւ ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեանին եւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Պերճ Զէյթունցեանին, որոնց նաեւ յանձնուեցաւ ՝՝Անահիտ՝՝ յուշանուէրը։



Ըստ 21 փետրուարին նախատեսուած միջազգային լեզուներու օրուան նախօրեակին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հրապարակած ՝՝վտագնուած լեզուներու քարտէսին՝՝, Թուրքիոյ մէջ 15 լեզուներ վտագնուած են, իսկ Թուրքիա ոչինչ կընէ զանոնք փրկելու համար։

Տեղեկութիւնը, որ հաւաքուած է 30 լեզուաբաններու կողմէ, դասաւորուած է 5 դասակարգերու մէջ 1) Անապահով, 2) Անպայման վտանգուած, 3) Ծանրօրէն վտագնուած, 4) Լրջօրէն վտագնուած, եւ հուսկ 5) Կորսուած։ ՝՝Անպայման վտանգուած՝՝ լեզուներու շարքին են՝ Ապազա, Հոմշեցման, լազերէնը, պոնտական յունարէնը, ասորերէնը եւ Արեւմտահայերէնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.