2009-02-23 14:05:32

Կռունկ երգչախումբի ելոյթը Պէյրութի ՀԿՄ-ի Արարատեան սրահին մէջ


Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին, կիրակի, 22 փետրուար 2009-ին Պէյրութի Հայ կաթողիկէ միութեան (ՀԿՄ) Արարատեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Կռունկ երգչախումբի համերգը՝ ղեկավարութեամբ դոկտ Եդուարդ Թորիկեանի, դաշնամուրի վրայ կ՝ընկերանար Թամար Գասապեան։Դոկտ Եդուարդ Թորիկեանի բացման խօսքով սկիզբ առաւ հանդիսութիւնը. ան հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին՝ շնորհակալաթիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպման համար նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ մեծ թիւով երիտասարդներ ներկայ էին համերգին։ Խօսելով Կռունկ երգչախումբի մասին ան բացատրեց, որ ունի որպէս պարտականութիւն եկեղեցւոյ մէջ շարականներու երգեցողութիւնը, ու նաեւ ունի ազգային եւ մշակութային առաքելութիւն։Շուրջ մէկ ժամ տեւող համերգին երգչախումբը յաջող կերպով մեկնաբանած է հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, սպաներէն, ռուսերէն եւ ուքրաներէն ժողովրդական երգերու փունջ մը՝ բազմաձայն մշակումով։ Հուսկ Բանքը արտասանած է Կռունկ երգչախումբի հոգեւոր վարիչը գեր. Հ. Անդրանիկ վրդ Կռանեան նկատել տալով, որ մեկնաբանուած երգերը նախապէս ծանօթ էին, սակայն անոնք ՜՜մշակուած են դոկտ Եդուարդ Թորիկեանի կողմէ, որ մեծ աշխատանք կը տանի Կռունկ երգչախումբը կանգուն պահելու համար, որպէսզի անիկա պատիւ բերէ Լիբանանին, պարծանք՝ հայութեան եւ հպարտանքի առիթ՝ բոլորին՝՝։ Ան կոչ ուղղեց աշակերտութեան արձանագրուելու եւ միանալու Կռունկ երգչախումբին՝ արժեւորելու համար հայ մշակոյթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.