2009-02-23 12:34:51

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։

Վախի ետ դարձը Գահիրէ։ Եգիպտական իշխանութիւնները Գահիրէի մէջ երէկուան ականահարման հարցով 3 կասկածելիներ ձերբակալած են։ Արդարեւ Գահիրէի մէջ յատկապէս զբօսաշրջիկներու կողմէ յաճախուած թաղ մը գտնուող Խան Էլ Խալիլ շուկային մէջ պայթած ականը սպաննած է՝ 17ամեայ ֆրանսացի զբօսաշրջիկ ուսանողուհի մը եւ պատճառած՝ 24 վիրաւորներ։



Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այսօր պիտի սկսի դէպի Միջին Արեւելք իր շրջապտոյտին, որուն ընթացքին պաշտօնական այցելութիւններ պիտի տայ՝ Եգիպտոս, Յորդանան, Լիբանան եւ Սուրիա։

Նախատեսուած են նախարար Նալբանդեանի հանդիպումները այդ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան համաձայն, Է. Նալբանդեանի այցելութիւնը կը միտի վերահաստատել այն սերտ կապերն ու համագործակցութիւնը, զորս Հայաստան ունի արաբական աշխարհին հետ, եւ անոնց ներկայացնել Հայաստանի կողմէ յառաջ տարուող քաղաքականութիւնը ու նախանշել փոխադարձ գործակցութեան խորացման ուղիները։28 փետրուարին նախարար Նալբանդեան պիտի վերադառնայ Երեւան։ Այս առթիւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, որ երեքշաբթի, 24 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հանդիպում՝ Հայաստանի արտաքին ործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Միւս կողմէ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Կարինէ Ղազինեան նշանակուած՝ Հ.Հ. Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալ։



Իսրայէլի նոր նշանակուած վարչապետ եւ աջակողմեան Լիքուտ կուսակցութեան ղեկավար Պենիամին Նեթանիահու երէկ խոստացաւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար իսրայէլեան համախոհական լայն կառավարութիւն մը կազմելով Միացեալ Նահանգներու նախաահ Պարաք Օպամայի հետ գործակցիլ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ կրթութիւն ստացած 59-ամեայ Նեթանիահու 1996-էն 1999-ի ընթացքին հարցում ունեցաւ Քլինթընի վարչակազմին հետ, սակայն ամերիկեան ճնշումին առջեւ զիջելով Այսրյորդանանեան Հեպրոն քաղաքէն բաժիններ յանձնեց Պաղեստինեան իշխանութեան։ Իսկ Հայաստանին սատարող 17-րդ ՝՝Քնեսեթի՝՝ պատգամաւորները վերընտրուած են։ Անոնց կարգին են նշենք ՝՝Իսրայէլ-Հայաստան բարեկամութեան՝՝ խորհրդարանական խումբի համանախագահ Զէեւ Էլկինը՝ Պենճամին Նեթանիահուի կուսակցութենէն եւ ձախ կուսակցութեան ղեկավար Մերէց Հաիմ Օրոնը։ Էլկինը ՝՝Քնեսեթի՝՝ նախկին կազմէն ներս կը ներկայացնէր Ցիփի Լիվնիի Քատիմա կուսակցութիւնը, սակայն ան դուրս եկաւ կուսակցութենէն, երբ Քատիման սկսաւ սատարել Պաղեստինին։ Իսկ Հաիմ Օրոնը 2008ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրինագիծը ներկայացուցած էր, որը, սակայն, տապալած էր Քատիմա իշխող կուսակցութեան ջանքերով։ Միւս կողմէ չէ ընտրուած Իոսիֆ Շաալը, որ առաջ կը տանէր Ատրպէյճանի շահերը։





ՉԻՆԱՍՏԱՆ։ՀԱՆՔԻ ՄԸ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄԸ 74 ԶՈՀԵՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ։ Չինացի 74 աշխատաւորներ սպաննուեցան եւ տասնեակներով ուրիշներ փլատակներու տակ բանտարկուեցան, երբ հիւսիսային Չինաստանի մէջ երէկ կազի սպրդումի մը պատճառով պայթում մը տեղի ունեցաւ։ Դժբախտաբար Չինաստանի մէջ նմանօրինակ արկածները յաճախակի են։ 2007-ի դեկտեմբերին նոյն նահանգին մէջ յիշենք նման արկած մը 105 զոհեր պատճառած էր։



ԻՐԱՆ։Իրանի պետական լրատու գործակալութիւնը ԻՐՆԱ հաղորդեց, որ իրերայաջորդ յետաձգումներէ ետք Իրանի առաջին հիւլէական կայանը չորեքշաբթի օր պիտի սկսի գործունէութեան նախնական հանգրուանով բանիլ։ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ յայտնեց, որ ուժանիւթի կայանին փորձառական հանգրուանի գործունէութիւնը պիտի սկսի չորեքշաբթի օր՝ Ռուսիոյ պետական ՝՝Ռոմաթոմ՝՝ հիւլէական ընկերութեան ղեկավար Սերկէյ Քիրիենքոյի այցելութեան ընթացքին։



ՊԷՅՐՈՒԹ։ ԼիբանանիՀայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նախանցեալ օր այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր .Միշել Սլէյմանի, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական զարգացումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.