2009-02-22 15:28:45

Վատիկան պետութեան ստեղծումին 80-րդ տարեդարձին առթիւ գիտաժողով մը գումարուած է Հռոմ՝ Փետրուար 12-14։


Վատիկան պետութեան ստեղծումին 80-րդ տարեդարձին առթիւ գիտաժողով մը գումարուած է Հռոմ՝ Փետրուար 12-14։

Այդ առիթով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց 300 ժողովականները եւ իր արտասանած ճառին մէջ ընդգծեց թէ Վատիկան` պետութիւն մըն է որ զուրկ է վախազդու զէնքերէ եւ յաճախ ոչ հասկցուած միջազգային հասարակութենէն։ Վատիկանը խաղաղարար իրադրութիւն մըն է եւ առ երեւոյթս ՜՜աննշմար՝՝ աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական միջազգային գետնի վրայ։ Սակայն Ս. Աթոռի բացարձակ անկախութիւնը եղաւ ու կը մնայ զօրակցութեան ու հասարակաց բարիքի ճառագայթումի կեդրոն։ Վատիկանը կը պահէ հաւատքի, պատմութեան եւ գեղարուեստի գանձեր, եւ կը պահպանէ մարդկութեան թանկագին ժառանգութիւն մը։ Վատիկանի կեդրոնէն, ուր կը ննջէ Պետրոս առաքելապետը եւ ուր կ՛ապրի Քահանայապետը, կը բարձրանայ ընկերային բարգաւաճումի, յոյսի, հաշտութեան ու խաղաղութեան ի սպաս մշտատեւ պատգամ մը ։ Յայտնենք թէ ՜՜Վատիկան՝՝ պետութիւնը, որուն հիմնադիրն է երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ Պապը, զայն սահմանած է ՜՜որպէս փոքրիկ հողաշերտ մը կանչուած մեծ առաքելութեան մը համար՝՝, եւ 2009ին կը տօնէ իր ստեղծումին 80րդ տարեդարձը կազմակերպելով՝ միջազգային գիտաժողով մը, համերգ մը եւ ցուցահանդէս մը ուր կը պարզուի այս փոքրիկ պետութեան պատմութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.