2009-02-22 15:28:30

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, փետրուար 22, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօր հրաւիրուած ենք Պօղոս առաքլեալի հետ մեր այոն ըսելու Քրիստոսսի եւ Աստուծոյ գթրատ ողորմութեան։ Ան մեզի կը շնորհէ սիրտ մը կարող սիրելու եւ ներելու։ Մեզ կ՛ազատագրէ մեր անկարութենէն ու մտավախութիւններէն։ Մեզ ոտքի կը հանէ ու կը հրաւիրէ անոր ետեւէն քալել։ Միմիայն Անով մեր յոյսերը իրականութիւն կը դառան։ Մենք ներողութիւն ստացող հասարակութիւն մըն ենք, կանչուած ապրելու Եկեղեցւոյ մէջ։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց թէ այսօր Եկեղեցին կը յիշատակէ Պերտրոս տաճարի տօնը։ Կը խնդրեմ ձեզմէ աղօթել Քահանայապետին համար` համեստ յաջորդը Պետրոս Առաքելապետին, ու եկեղեցւոյ միութեան համար։

այս խորհրդածութեան աւարտին նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութւիւնը տուա ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.