2009-02-22 15:29:26

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։




ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԳՈՐԷԱ ։ 16 Փետրուարին Հարաւային Գորէայի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Հարաւային Գորէայի մայրաքաղաք Սէուլի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը Կարտինալ Ըսթէփան Գիմ Սու-հվան,մարդկային իրաւունքներու քաջասիրտ պաշպտանը եւ ականատես վկան երջանկայիշատակ ՅՊԲ.ի դէմ Սէուլի մէջ կատարուած(առանց հետեւանքի) մահափորձին 1984ին՝ ։ Գիմ Սու-հվան գորէացի առաջին կարդինալը Պողոս Զ.ի կողմէ անուանուած էր 1966ին եւ 30 տարի շարունակ եղած է Սէուլի Արքեպիսկոպոսը աւետարանացումի բազմազբաղ գործունէութեամբ մը։ 60-ական թուականներուն կարդինալը հանդիսացած է ժողովրդավարութեան մեծ ախոյեան մը՝ զինուորական վարչակարգին դէմ։



ֆՐԱՆՍԱ - Աւելի քան 9 միլիոն ուխտաւորներ այցելած են Լուրտի Տիրամօր ուխրավայրը Ս. Կոյս Մարիամի երեւումներու 150-րդ տարեդարձին առթիւ։

Սրբավայրի պատասխանատուներու գնահատումով մարեմեան այս սրբավայրը բնաւ այսքան ուխտաւոր չէ տեսած։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անցեալ 14 Սեպտեմբերին ուխտագնացութիւն կատարած էր եւ պատարագ մատուցած՝ աւելի քան 190 հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ։ Սրբավայրի պատասխանատուները կը յայտնեն թէ ուխտաւորներու 40 տոկոսը եկած էին ֆրանսայէն, 30 տոկոսը` Իտալիայէն եւ 8 տոկոսը Սպանիայէն։ Աւելի քան 3 միլիոն մոմ եւ 263 հազար ջահեր վարուած են ։



Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն - մեծ մանկավարժ՝Յովհաննէս Հինդլեան(1866-1950) որ 59 տարի առաջ փետրուար 16ին՝ հրաժեշտ կու տար մեր աշխարհին։

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական ու բարոյական աւանդներու հունաւորման մէջ, բախտորոշ ներդրում ունեցող հիմնադիրներու շարքին, իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ Յովհաննէս Հինդլեան, որ 59 տարի առաջ, (16 Փետրուար 1950ին), Պոլսոյ մէջ հրաժեշտ կուտար մեր աշխարհին։ Յ. Հինդլեան արդէն հաստատուած հեղինակութիւն էր 1918ին, երբ Շաւարշ Քրիսեանի եւ Գրիգոր Յակոբեանի հետ հիմը դրին Հ.Մ.Ը.Մի, իբրեւ միաժամանակ մարզական եւ սկաուտական կազմակերպութիւն, որուն նպատակն էր ի մի բերել եւ ազգային-քաղաքական վսեմ գաղափարներու դրօշին տակ համախմբել մինչ այդ Պոլսոյ մէջ թէ հայաշխարհի տարածքին՝ առաջացած հայ մարզական եւ սկաուտական միութիւնները։ Հինդլեան ծնած էր 1866ին՝ Պոլիս։ Նորահաստատ ՝՝Պէրպէրեան՝՝ վարժարանի անդրանիկ եւ շնորհալի սաներէն էր, որ կանուխէն նետուեցաւ մանկավարժական ասպարէզ՝ իր ժամանակի ազգային ամէնէն յառաջադէմ գաղափարներով սերունդ հասցընելով։ Նորահաս սերունդը ազգային ոգիով եւ գաղափարական ու բարոյական վսեմագոյն արժէքներով դաստիարակելու առաքելութեան ամբողջապէս նուիրուած մեծ մանկավարժը, 5 Հոկտեմբեր 1909ին, 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեամբ հաստատուած համեմատաբար ազատ գործունէութեան պայմաններէն օգտուելով, Գալուստ Մալաթեանի հետ գործակցաբար հիմը դրաւ Պոլսոյ հայոց ՝՝Նոր Դպրոց՝՝ վարժարանին։

Յովհաննէս Հինդլեան արդարօրէն Ուսուցչապետ հռչակուեցաւ իր ժամանակակիցներուն կողմէ։ Եւ պատահական չէր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան իր յառաջատար մասնակցութիւնը բերելով՝ Հինդլեանի ներդրումը մեծ եղաւ նորաստեղծ կազմակերպութիւնը ՝՝Բարձրացիր՝ Բարձրացուր՝՝ նշանաբանով զինելու գործին մէջ։

Շեշտը դնելով ՝՝առողջ մարմնի մէջ առողջ միտք՝՝ մշակելու հրամայականին վրայ՝ Հինդլեան եւ իր ընկերները Հայաստանի ու հայութեան պաշտամունքը կիզակէտը դարձուցին իրենց հիմնադրած համահայկական շարժումին։ Տակաւին նոր կազմուած՝ յատուկ առաքելութիւն ուղարկեցին Երեւան, որպէսզի նորահաստատ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ անհրաժեշտ համակարումը առաջացնեն։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։



Քեմալականութեան ՝՝յաղթարշաւէն՝՝ եւ Մեղ Եղեռնէն վերապրած հայութեան երկրորդ տարագրութենէն ետք, Յ. Հինդլեան մնաց Պոլիս եւ մինչեւ մահ, իր հիմնադրած Պոլսոյ ՝՝Նոր Դպրոցով՝՝, հաւատարիմ մնաց իր պաշտած արժէքներով սերունդ հասցնելու առաքելութեան։ 16 Փետրուար 1950ին՝ Պոլսոյ հայութիւնը ազգային մեծ շուքով կատարեց արժանաւոր Հայ Ուսուցչապետին թաղումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.