2009-02-21 12:34:07

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամեն եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարք ընդունեց Ռաքել Տինքը Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի մէջ։


Լիբանան կատարած այցելութեան ընթացքին,Ռաքել Տինք այրին' Պոլիս լոյս տեսնող՝ ՜՜Ակօս՝՝ շաբաթաթերթի նահատակ խմբագիր Հրանդ Տինքին՝ նաեւ այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան (Պէյրութ) ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամեն եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ։ Հանդիպման ներկայ էին պատրիարքական թեմի փոխանորդ՝ արհի Վարդան եպս Աշգարեան, Ս Փրկիչ եւ Ս Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետները ՜Հռիփսիմեանց՝՝ ՜՜Մեսրոպեան՝՝ եւ ՜՜Հարպոյեան՝՝ վարժարաններու տնօրէնները ու Մասիս պարբերաթերթի տնօրէնը եւ ընդհանուր խմբագիրը։ Այս առթիւ քննարկուած են թրքահայութեան իրավիճակի եւ գոյատեւման վերաբերող բազմաթիւ հարցեր։

Ռ Տինք անդրադարձաւ իր ամուսնոյն սպանութեան դէպքին յայտնեց, որ կը շարունակէ անոր ուղին քանի որ ան միշտ պայքարեցաւ անիրաւութիւններուն դէմ, ինչ որ չհանդուրժեցին շատեր. յիշեց նաեւ՝ Հրանդ Տինքի յիշատակին հաստատուած հիմնարկին, որ կը ջանայ ծրագիրներ մշակել մարդկային իրաւունքներու դաստիարակչութեան գծով։

Իր կարգին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը բարձր գնահատեց Ռաքէլ Տինքի ազգային ոգին ու քրիստոնէական անձեռնմխելի հաւատքը եւ Հրանդ Տինքը դասեց իբրեւ ազգային հերոս աշխարհատարած հայութեան համար, որովհետեւ ան իր մահով դարձաւ բարի օրինակ յանուն արդարութեան պայքարող անհատներուն եւ միացաւ ազատութեան համար զոհուող նահատակներու շարքին։ Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը ըսաւ հոգեւոր տէրը, ունեցաւ դրական ազդեցութիւն մարդկային իրաւունքներու պահանջատիրութեան միջազգային մակարդակի վրայ եւ մաղթեց, որ Աստուած ողբացեալին տիկնոջ շնորհէ կամքի զօրութիւն եւ հաստատ հաւատք՝ շարունակելու համար այս վսեմ առաքելութիւնը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում՝ ամեն. հոգեւոր տէրը Ռ. Տինքի նուիրեց հայերէնի թարգմանուած Կաթողիկէ քրիստոնէական վարդապետութեան մասին եւ Նարեկացիի նուիրուած հատորներ իսկ Ռաքէլ Տինք հոգեւոր տիրոջ նուիրեց Հրանդ Տինքի ջանքերով լոյս տեսած գրքոյկ մը՝ Պոլսոյ ՜՜Մանկանց բոյն՝՝ կառոյցին մասին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.