2009-02-21 12:38:29

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը ։


Շաբաթ 21 փետրուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

Կարտինալ Ուիլիամ Լեվատա` կառավարիչը հաւատոյ ժողովին,

Ապա նորին սրբութիւնը ընդունեց ՜՜Կեանքի ի նպաստ՝՝ քահանայապետական կաճառի ժողովին մասնակցողները, շուրջ 300 գիտնականներ։

Նախապէս նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց կարտինալական ժողովը եւ որուն ընթացքին վաւերացուց 10 երանելիներու սրբադասումը. անոնցմէ 4-ը իտալացիներ են, 2-ը սպանացի, 2 լեհ, մէկ ֆրանսացի եւ մէկ պելկիացի։

Իր քահանայապետութենէն ի վեր, Պենետիկտոս ԺԶ հռչակած է 18 սուրբեր։ Սրբադասումի բոլոր պատարագները Նորին Սրբութիւնը անձսմբ կատարեց Ս. Պետրոս հրապարակը, բացի մէկ սուրբէն` եղբայր Անթոնիօ տէ Սանդէն,ան, որ սրբադասուած էր Պրազիլի Սան Բաուլօ քաղաքը 2007-ի մայիսին ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը բնաւ չէ կատարած երանացման պատարագները եւ յաճախ այդ երանացման արարողութիւնները կատարուած են նոր երանելիներու երկիրներու մէջ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի. ՜՜Ս. Երկիր՝՝ այցելութեան յայտագիրը կը ներփակէ նաեւ՝ Յորդանանը ։

Յորդանանի կաթողիկէ Եկեղեցին յայտնեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ս. Երկրի այցելութիւնը կը սկսի նախ ՜՜Յորդանանով՝՝ ։ Արդարեւ Նորին Սրբութիւնը Իսրայէլ եւ Պաղեստին չմեկնած նախ պիտի այցելէ Ամմանը, Մայիս 8-11։

Յորդանան կեցութեան ընթացքին (ըսաւ Յորդանանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բանբերը հայր Ռիֆաթ Պատր), Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Նեպօ լեռը, ուր Մովսէս տեսած էր խոստացեալ երկիրը ուր եւ ան թաղուած է։ Նոյնպէս Սրբազան Պապը պիտի այցելէ այն վայրը ուր Յիսուս մկրտուեցաւ Յովհաննէս մկրտիչէն, եւ այնտեղ բացումը պիտի կատարէ նորակառոյց եկեղեցւոյ մը։ Ամմանի մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ իսլամ կրօնապետերու հետ եւ պիտի այցելէ Հուսէյն արքային նուիրուած՝ մզկիթը։ Կը նախատեսուի որ Հռոմի Պապը կարեւոր ճառ մը արտասանէ քրիստոնեայ իսլամ երկխօսութեան մասին։ Յայտնենք թէ անցեալ 15 փետրուարին Իսրայէլի նախարարապետ Էհուտ Ոլմէրթ հաստատեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Իսրայէլ, որ տեղի պիտի ունենայ (ինչպէս ըսինք) Մայիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.