2009-02-21 12:33:49

Կարտինալ Առինցէ քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը պիտի քարոզէ Սրբազան պապին ու անոր անմիջական գործակիցներուն։


Կարտինալ Առինցէ քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը պիտի քարոզէ Սրբազան պապին ու անոր անմիջական գործակիցներուն։

Նիճերիացի կարտինալ ֆրանսիս Առինցէ, երբեմնի կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի ու սուրբ խորհուրդներու մատակարարման ժողովի, մարտ 1-7 քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը պիտի քարոզէ Սրբազան պապին ու անոր անմիջական գործակիցներուն։ Հոգեւոր կրթութեան բնաբանն է. Քահանան կը հանդիպի Քրիստոսի ու անոր կը հետեւի։

Քահանայապետական հոգեւոր կրթութիւնը տեղի կ՛ունենայ ՝՝Փրկչին Մայրը՝՝ անուան մատրան մէջ։ Օրական երկու քարոզներ տեղի կ՛ունենան առաջինը առաւօտուն իսկ երկրորդը յետմիջօրէին։ Հոգեւոր կրթութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ոչ մէկ ունկնդրութիւն կը շնորհէ։

76 ամեայ Նիճերեացի կարտինալ ֆրանսիս Առինցէ հոգեպաշտ ընտանիքի զաւակ է։ Անցեալ 23 նոյեմբերին տօնեց իր քահանայութեան 50ամեակը։ Ապա դեկտեմբերին հրապարակեց գիրք մը` Նամակ երիտասարդ քահանային վերնագրով։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց զինք ափրիկեան եպիսկոպոսական Բ սիւնոդոսի երեք նախագահներէն մէկը, որ Վատիկան տեղի պիտի ունենայ 4-25 հոկտեմբեր 2009։

Յայտնենք թէ քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը Վատիկանի մէջ հաստատուած է երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ Քահանայապետէն 1929ին։ Սկիզբը Յիսնակաց շրջանը կը կատարուէին, որպէս պատրաստութիւնը Յիսուսի Ս. Ծննդեան։

Պօղոս Զ Քահանայապետը քառասնորդացի շրջանին հաստատեց հոգեւոր կրթութիւնը Իսկ Սրբազան Քահանայապետը ինք անձամբ կը նշանակէ քարոզիչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.