2009-02-21 12:03:12

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

21 Փետրուար ՝մայրենի լեզուի գործածութեան միջազգային Օր։

Մայրենի լեզուի գործածութեան միջազգային օրը ,կարելի է նկատել նաեւ տօնը այն մայրերուն, որոնք իրենց զաւակներուն հետ մայրենի լեզուով կը խօսին։ Ամբողջ աշխարհ 21 Փետրուարին կը տօնէ մայրենի լեզուի գործածութեան միջազգային օրը։ Մեզի համար այդ օրը կրնայ ըլլալ նաեւ հայ մայրերուն շնորհաւորութեան ու փունջ մը ծաղիկ նուիրելու օր, ընդգծելով միաժամանակ թէ՝ եթէ հայ մայրը իր զաւկին հետ

հայերէն չխօսի, զաւակը հայերէն պիտի չսորվի։



Իսրայէլացի աջակողմեան ղեկավար Պենիամին Նեթանիահու երէկ ընդունեց Իսրայէլի յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու պարտականութիւնը եւ միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու համար անմիջապէս կոչ ուղղեց՝ ձախակողմեան եւ կեդրոնի գործընկերներուն։ 59-ամեայ Նեթանիահու կը ղեկավարէ աջակողմեան Լիքուտ կուսակցութիւնը, ան 1990-ական թուականներուն վարչապետ էր եւ ներկայիս վեց շաբթուան պայմանաժամ մը ունի կառավարութիւնը կազմելու համար ։



Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ Նաքուրա շրջանի մօտակայքը իսրայէլեան ուժերը երէկ գիշեր լուսաւորող ռումբեր արձակած են։ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Եասմինա Պոզիան երէկ յայտնած, որ ՝՝իսրայէլեան ուժերը դէպի լիբանանեան ջուրերը լուսաւորող ռումբեր արձակած են՝ չորսէն վեց քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ՝՝։

-

-Թուրք ակադեմականներու,լրագրողներու եւ թրքահայերու բողոքներէն ետք, Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ դադրեցուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան դէպքերուն (թրքական տեսանկիւնը ներկայացնող) թրքական բանակի սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ պատրաստուած ՝՝Սարը Կէլին՝՝ վաւերագրական ժապաւէնին նախակրթական վարժարաններուն մէջ ցրուումը։

-

-Հինշաբթի, 19 Փետրուարին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց նահատակ Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինքը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ Պատուելի Սեպուհ Թէրզեան։ Ռաքէլ Տինք լայն տեղեկութիւններ տուաւ նահատակ Հրանդ Տինքի գործունէութեան, սպանութենէն առաջ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ստացած սպառնալիքներուն եւ ապա սպանութեան ստեղծած մթնոլորտին ու դատավարութեան մասին։Վեհափառ Տէրը յայտնեց, թէ ոչ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մասնակցած էր Տինքի յուղարկաւորութեան, այլ նաեւ միշտ զօրավիգ կը կանգնի այն կեցուածքներուն ու աշխատանքներուն, որոնց լաւագոյն թարգմաններէն մէկը եղաւ Հրանդ Տինք։



ԱՆԳԱՐԱ ( կը գրէ Պոլսոյ Մարմարա օրաթերթը)- Թուրքիոյ դատախազութիւնը դատ բացած է թուրքիոյ Էսքիշէհիր քաղաքի Օսմանկազի մշակութային շինութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Նիյազի Չափայի դէմ, որ անցեալները, քանի մը գործակիցներու հետ, իր կազմակերպութեան դրան առջեւ պարզած էր գրութիւններ, ուր նշուած էր, թէ ՝՝շուները կրնան մտնել, բայց հայերն ու հրեաները՝ ոչ՝՝։ Այս տեսարանը խոր ընդվզում յառաջացուցած էր թրքական թերթերու մէջ Կազայի վրայ գործողութեան դէմ բողոքի այդ օրերուն։ Դատախազութիւնը Մայիս ամսուան մէջ պիտի սկսի դատել այս անձը՝ Նիյազի Չափա։



ՊԵՐԼԻՆ- Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ վերջերս կայացած ՝՝Պերլինեան կանաչ շաբաթ՝՝ միամեայ միջազգային ցուցահանդէսին, աշխարհի շուրջ 80 պետութիւններու կողքին մասնակցած է նաեւ Հայաստանը։ Հայաստանի պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է Երեւանի Արարարատ գինիի, օղիի, քոնեակի, նաեւ Աւշարի գինի գործարաններու արտադրութիւնները, Եղէգնաձորի Քիմլէյ եւ Նոյեան ընկերութեան հիւթերը, Մեղուաբուծական արտադրական կեդրոնի մեղրահումքերը, ինչպէս նաեւ Արքոլատ եւ Չիր ընկերութիւններուն չոր միրգերը եւ հայաստանեան այլ արտադրութիւններ։ Հայաստանեան արտադրանքը առանձնայատուկ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է այցելուներուն մօտ, որոնց հրամցուած է հայկական տաղաւարին մէջ թխուած հայկական աւանդական լաւաշը։

Ցուցահանդէսի օրերուն հայկական տաղաւար այցելուներէն եղած են Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի Դեսպան Կ. Ղազինեան եւ ՄԱկի Պարէնի եւ Գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան եւրոպական տարածաշրջանային համակարգող Մ. Քատլեչիքովան, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու Հայաստանին, որպէսզի ան մասնակցի՝ 2010 թուականի նոյնանուն ցուցահանդէսին։



Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը երեքշաբթի օր Լիբանան պիտի երթայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.