2009-02-20 13:53:58

Պօղոս առաքեալի թուղթերու մեկնաբանութիւն (Հռոմայեցւոց 1, 8-15) խորհրդածութիւն


Պօղոս առաքեալի թուղթերու մեկնաբանութիւն (Հռոմայեցւոց 1, 8-15) խորհրդածութիւն



    Հռովմայեցիներու հաւատքի հռչակը


Պօղոս տակաւին երբեք Հռոմ չէ գացած եւ ուրիշներէ իմացած է թէ որքան մեծ է հաւատքը Հռովմայեցիներուն։

Որպէսզի այդպիսի համբաւ մը ունեցած ըլլան, որքան մեծ եւ հաղորդիչ պէտք է եղած ըլլայ անոնց համոզումը Քրիստոսի աստուածութեան մասին։

Հաւանաբար նաեւ անոնք համբաւաւոր եղած ըլլան նաեւ իրենց բարեգործութեան ու սիրալիր վարմունքին մէջ առաքեալներու հանդէպ։



2. Պօղոս կը յիշէ զիրենք իր աղօթքներուն մէջ

Վկայ կը բռնէ զԱստուած որ այդ յիշատակը իրական է։

Աստուծոյ պաշտամունք կը կատարէ քարոզութեամբ։ Աւետարանը քարոզելու գործը արդէն պաշտամունք է Տիրոջ։

Պօղոսի փափաքն է մօտէն ճանչնալ այս հասարակութիւնը, որուն հռչակը այնքան տարածուած է քրիստոնէաներու միջեւ։



3. Պօղոս կ՛ուզէ բան մը տալ Հռովմայեցիներուն

Անոնց կ՛ուզէ հոգեւոր պարգեւներ հաղորդել. Այն պաշարը որ ստացած է մինչեւ օրս իր առաքելութիւններուն ընթացքին` կ՛ուզէ նաեւ տալ անոնց։

Կ՛ուզէ զանոնք ամրացնել իրենց հաւատքին մէջ. Տեսնելով նոր առաքեալ մը եւ հաղորդակից ըլլալով անոր փորձառութիւններուն, անոնք աւելի ամուր հիմերու վրայ պիտի հաստատեն իրենց հաւատքը։

Կ՛ուզէ ի վերջոյ զանոնք մխիթարել, միեւնոյն հաւատքով, պատմելով այն հալածանքները զորս ինք եւս կրեց նոյն հաւատքին համար։



    Պօղոս կ՛ուզէ նաեւ օգտուիլ Հռովմայեցիներէն


Կ՛ուզէ ընտիր պտուղներ քաղել իրենց ստացած հաւատքէն, որպէս հեթանոսներ։ Չմոռնանք երբեք որ Պօղոս հեթանոսներու առաջին առաքեալը եղաւ եւ իրեն համար շատ կարեւոր է գիտնալ թէ մէն մի հեթանոս հասարակութիւն ինչ ձեւով քրիստոնեայ եղած է։

Յոյներուն եւ իմաստուններուն հանդէպ ունեցած պարտքը անոնց փիլիսոփայու-թիւնն է որ բնական կերպով կը հասցնէ հաւատքին Քրիստոսի։

Իսկ բարբարոսներուն եւ անուսներուն հանդէպ իր պարտքը անոնց ծարաւն է գիտութեան եւ կեանքի իմաստի որոնումին, որմէ օգտուելով` Պօղոս կարողացած է ջամբել իրենց ճշմարիտ հաւատքը ի Քրիստոս։



    Աւետարանը քարոզել յօժար կամքով


Ահա Պօղոսի գլխաւոր փափաքը. Ահա ամէն առաքեալի փափաքը, որով անոնք բոլոր աշխարհի ժողովուրդներուն պարտին տանիլ Աստուծոյ պատգամը։

Առաքեալը ակամայ չի կրնար աշխատիլ, որովհետեւ այդ պարագային իր քարոզութիւնը ապարդիւն կը դառնայ։ Առաքեալին կամքը պէտք է ընթանայ Աստուծոյ կամքին համեմատ, ամէն բանի մէջ եւ ամէն պարագաներու առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.