2009-02-20 13:46:06

Նափոլիի առաջնորդ կարտինալ Սեբէի հանդիպումը, Իսդանպուլ, Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք բարդողոմիոս Ա-ին հետ։


Անցեալ չորեքշաբթի օրը նափոլիի առաջնորդը այցելութիւն կատարած է Բարդողոմիոս Ա.ին, հանդիպումին ընթացքին երկու եկեղեցապետերը ընդգծեցին ցայժմ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը համամիութենական երկխօսութեան մէջ։ Երկու եկեղեցիներու միջեւ մինչեւ օրս կատարուած յառաջդիմութիւնները վճռական են եւ անվերադարձ, (յայտարարած է Կ.Պոլսոյ պատրիարքը կարտինալ Սեբէին), որ Թուրքիա ուխտագնացութիւն կը կատարէ Ս. Պօղոս առաքեալի հետեքերուն վրայ, ընդգծելով թէ ինք՝ անձնական յատուկ կապ ունի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ։ Կ.Պոլսոյ պատրիարքին մաղթանքն է որ երկու եկեղեցիները կարողանան, ընդունելի կերպով, հասնիլ մեկնաբանել Պետրոսի գլխաւորութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.