2009-02-20 13:55:41

Հայկական Երաժշտութիւն Հայկական երաժշտութեան վարպետները

Աւետ Գաբրիէլեան


Հայկական Երաժշտութիւն Հայկական երաժշտութեան վարպետները

Աւետ Գաբրիէլեան



Աւետ Գաբրիէլեան, ճանչցուած նաեւ Ավդեյ Տէր-Գաբրիէլեան անունով, ծնած է Տոն` Ռոստով քաղաքը 1899-ին։ Իր քաղաքի դպրոցի երկրորդական ուսումներն աւարտելէ ետք` Ռոստովի երաժշտական ուսումնարանը աւարտած է 1921-ին։ Ապա զինք անմիջապէս կը տեսնենք Երեւան, ուր 1922-24` կը դասաւանդէ երաժշտութիւնը Երեւանի երաժշտական ուսումնարանին մէջ։ Իսկ նոյն շրջանին` Երեւանի մէջ նոր բացուած Գոնսերվադորիային մէջ կը պաշտօնավարէ որպէս ուսուցիչ ջութակի։

1924-29 Աւետ կ՛անցնէ Մոսկուայի մէջ, Փրոֆեսոր Ցեյտլինի դասարանը, ուր կը շարունակէ իր երաժշտական ուսումները, զանոնք կատարելագործելով։ Միեւնոյն ատեն ալ կը սկսի ղեկավարել 1925-էն սկսեալ` Մոսկվայի հայ ուսանողներուն երաժշտական լարային քառեակը, որ հետագային կը կոչուի Կոմիտաս քառեակ։

1938-էն սկսեալ կը սկսի դասաւանդել Մոսկուայի Գոնսերվաթորիային մէջ, որպէս դասատու խմբավարութեան. Իսկ 1946-54 կ՛ուսուցանէ ջութակի մասնագիտական դասարանին մէջ, մէջտեղ բերելով երեւելի աշակերտներ։

Իր տաղանդը երեւան կու գայ մասնաւորապէս Քառեակներու խմբային նուագին մէջ. 1938-ին, Կոմիտաս Քառեակը զոր ինք կը ղեկավարէր կը շահի առաջին մրցանակը համաշխարհային քառեակներու մրցաշարքին մէջ։ Իր անունը փորագրուած կը մնայ Մոսկուայի երաժշտանոցի անուանի շրջանաւարտներու ցանկին մէջ, պատուոյ մարմարեայ ցուցատախտակին վրայ։ 1939-ին` կը պարգեւատրուի Աշխատանքային Կարմիր Դրօշի շքանշանով. Իսկ 1946-ին` կ՛արժանանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական մրցանակին։

Աւետ Գաբրիէլեան իր նուագացանկին մէջ` ընդհանրապէս տեղ տուած է դասական մեծ երաժիշտներու կտորներուն։

Հոն կը գտնենք առաւելապէս ջութակի համար գրուած համերգներ հետեւեալ հեղինակներէն.

Պեթհովէն, Մոցարդ, Մենտելսոհն, Չայքովսքի, ինչպէս նաեւ հայազգի Արամ Խաչատուրեանի հեղինակագրած կտորներէն։ Նաեւ նեանաւոր է Էտուարդ Լալօյի Սպանիական համանուագը, որ յաճախ իր նուագահանդէսներուն մէջ կարեւոր տեղ մը գրաւած է։

Ան նուագած է նշանաւոր դաշնակահարներու հետ, համանուագներու ընթացքին. Անոնց անուններն են. Կոլտընվէյզըր եւ Նեյհաուզի` գերմանացիներ. Իկումնով եւ Մերժանով` Ռուսեր։

Ընդհանրապէս երաժշտութեան այս մեծ վարպետը մեծ ներշնչումով կ՛արտայայտէ իր նուագած կտորները, ինչպէս նաեւ դարու Ռոմանդիզմը մեծ ազդեցութիւն գործած է իր արտայայտութեան մէջ։ Կարող է նշմարել նաեւ իր արտայայտութեան մէջ փառահեղ հնչականութիւն մը, որոնք կու տան արուեստագէտին իր բացառիկ կարողութեան տէր ըլլալու հանգամանքը։

Կարելի է դասել Աւետ Գաբրիէլեանը ոչ միայն հայ այլ համաշխարհային մեծ ջութակահարներու շարքին. Գալով իր մանկավարժական կարողութիւններուն` անոնք արդէն յայտնի են իրեն յաջորդող սերունդներուն մէջ, ըլլայ Հայերու մօտ, ըլլաջ մանաւանդ ռուսական երաժշտութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.