2009-02-20 13:54:30

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

ՎԻԷԹՆԱՄ։ Վիէթնամի Կառավարութիւնը կ՝իմացնէ թէ 16 եւ 17 փետրուարին Հանոյի մէջ տեղի կ՝ունենան ՝՝վիճարկումներ՝՝ Սուրբ Աթոռի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին։ Այս ուղղութեամբ արտայայտուած է Վիէթնամի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբերը Լէ Տունկ,ճշդելով թէ ՝՝հանդիպումը Վիէթնամ-Վատիկան աշխատանքի խառն խումբի առաջին մէկտեղումն է ՝՝. այս առթիւ Վիէթնամի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Արտաքին Գործոց փոխ նախարար Նըկույէն Քուօգ Քուօնկ։



ԳՈՆԿՕ։ Մօտ ատենէն Գոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութիւնը իր Դեսպանը պիտի ունենայ Սուրբ Աթոռի մօտ ,ինչպէս որ յայտարարած է Արտաքին Գործոց Նախարար Ալէքսիս Թհամպվէ Մըվամպա որ անցեալ չորեքշաբթի հանդիպում մը ունեցած է երկրի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի մնայուն Կոմիտէին հետ,որ 9 փետրուարէն ի վեր լիանիստ ժողովը կը գումարէր՝ Գինշազայի միջ-թեմական Կեդրոնը։

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ։ Լատինածէս կաթողիկէ Եպիսկոպոպսներու Լիագումարը։

՝՝Քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքներու ու բռնութեանց աճումին ի տես՝Հնդկաստանի լատինածէս Եպիսկոպոսները կը մարմնաւորեն Աստուծոյ Խօսքը՝անձնական ուժեղ վկայութեամբ մը՝՝ այսպէս արտայայտուած է Արքեպիսկոպոս Բէտրօ Լոբէզ Քուինթանա՝Առաքելական Դեսպանը Հնդկաստանի ու Նէփալի Կառավարութիւններոիւ մօտ,բացումը կատարելով Մըյսորէ-ի մէջ ( Գարնադաքա)Հնդկաստանի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու 21երորդ Լիագումար նիստին,որ կը մէկտեղէ լատինածէս 120 վիճակաւորներ։ Համաժողովին բնանիւթը ՝՝ Աստուծոյ Խօսքը՝կեանքի աղբիւր բոլոր մարդոց համար՝՝կը համապատասխանէ նորերս Հռոմ կայացած Եպիսկոպոսներու Սիւնոդհոսի թէմային։ Պէնէտիկտոս 16.երորդ Սրբազան Քահանայապետը ու նաեւ Կարտինալ Իվան Տիաս (ժողովուրդներու Աւետարանացումի Ժողովի Կառավարիչը) Հնդկաստանի կաթողիկէ Եպիսկոպոսներուն յղած են իրենց պատգամները։ Եպիսկոպոսներու աշխատանքը պիտի տեւէ մինչեւ 18 փետրուար։

ՌՈՒՍԻԱ։ Եպիսկոպոս Կոլոքով՝Մոսկուայի Պատրիարքութեան Արտաքին Յարաբերութեանց Պատասխանտուն։

Երորեւսքի Եպիսկոպոսը 44- ամեայ Մարք Կոլոքով անուանուած՝Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Օրթոտոքս Պատրիարքութեան Արտաքին Յարաբերութիւններու Պատասխանատուն,յաջորդելով այսպէս Մետրապոլիտ Քիրրլլ-ին որ անցեալ 27 Յունուարին հանդիսաւոր արարողութեամբ մը ընտրուեցաւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը։ Ծնած Սիպէրիա 1964ին ,Կոլոքով քահանայ կը ձեռնադրուի 1991ին . ան 7 տարի շարունակ իր առաքելութիւնը կատարած է Երուսաղէմի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.